Ֆըրզլի. «Ազգային Ուխտին Մասին Ոչ Ոք Դասեր Թող Տայ Քրիստոնեայ Համայնքին»
Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ Քրիստոնեայ հանդիպում – Փեթանիա շարժումին անունով ընդվզում յայտնեց Կազայի մէջ Իսրայէլի գործած սպանդներուն գծով եւ խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան բռնարարքներուն նկատմամբ միջազգային եւ արաբական ընդհանուր լռութիւնը:
Ան զօրակցութիւն յայտնեց պաղեստինցիներուն` շեշտելով, որ Կազայի տագնապին նկատմամբ զօրակցութիւնը մարդկային, բարոյական եւ միջազգային ու արաբական պատասխանատուութիւն է, որմէ ոչ ոք պէտք է խուսափի:
Ֆըրզլի կոչ ուղղեց վերջ տալու գործուող ցեղասպանութիւններուն` ըլլան անոնք Կազայի թէ Մուսուլի մէջ: Ան աւելցուց, որ եկեղեցիներուն հրկիզումը դիտող ու լուռ մնացող կողմերուն ճակատը ամօթի կնիքով զարդարուած է` ընդգծելով Իրաքի քրիստոնեաներուն դէմ շղթայազերծուած հալածանքներուն վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:
Անդրադառնալով Լիբանանի Ազգային ուխտին մասին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած յայտարարութեան` Ֆըրզլի շեշտեց, որ այդ մասին ոչ ոք դասեր պէտք է տայ քրիստոնեայ համայնքին:
Ֆըրզլի շեշտեց նաեւ ազգային համերաշխութիւնը պահպանող ընտրական օրէնք մը մշակելու կարեւորութիւնը:
Քրիստոնեայ հանդիպումին անունով Ֆըրզլի կոչ ուղղեց Հարիրիին անշեղ մնալու Լիբանանի ազգային ուխտէն, կառչած մնալու ազգային միասնականութեան եւ չբացակայելու երկրէն:

