Միքաթի Հիմնեց «Թրիփոլիի Բարիքներ» Ֆոնտը

21-07MikatiՆախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ յայտնեց, որ հիմնած է «Թրիփոլիի բարիքներ» ֆոնտը` ֆինանսաւորելու համար Թրիփոլիի տնտեսական ծրագիրները:

Միքաթի յայտնեց, որ ֆոնտին մէջ տեղադրուած է 25 միլիոն տոլարի գումար մը:

Միքաթի նաեւ հաստատեց, որ ֆոնտը պիտի նպաստէ տնտեսական որեւէ ծրագիրի, որ կ՛օժանդակէ Թրիփոլիի մէջ անգործներուն աշխատանքի առիթներ տրամադրելու:

Ան աւելցուց, որ ֆոնտին աշխատանքներուն հսկող պատասխանատու խմբակ մը պիտի յառաջանայ եւ անոր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ սերտել ծրագիրներն ու առաջնահերթութիւններ ճշդել:

 

Share this Article
CATEGORIES