Վարչապետ Սալամի Համար Լիբանանցիներուն Ծառայութիւնը Առաջնահերթութիւն Է

Ապու Ֆաուր եւ վարչապետ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ առողջապահութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր, յատկապէս` կառավարական հիւանդանոցներուն պարագան:
«Լիուա» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամի համար լիբանանցիներուն ծառայութիւնը առաջնահերթութիւն է:
Նոյն օրաթերթը կը հաստատէ, որ վարչապետ Սալամ կը փափաքի արագօրէն բոլոր տարակարծութիւնները լուծել եւ վերջ տալ կառավարութեան աշխատանքները խոչընդոտող արգելքներուն:
«Լիուա»-ի համաձայն, եթէ կառավարութեան նիստին ընթացքին Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն թղթածրարին քննարկումը շարունակուի, ապա վարչապետը վերջ պիտի տայ այդ թղթածրարին քննարկումին:
Իսկ «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Սալամ կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն եւ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն իրենց մագլցողական քայլերը շարունակելու, մինչեւ անոնց իրաւունքներուն վաւերացումը:

