Սէյիտ Նասրալլա Զօրակցութիւն Յայտնեց Պաղեստինեան Դիմադրութեան

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Խալետ Մաշաալի եւ Իսլամական ժիհատ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ռամատան Շալահի հետ:

Զոյգ հաղորդակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցաւ Կազայի իրադարձութիւնները:

Սէյիտ Նասրալլա Մաշաալի եւ Շալահի յայտնեց, որ Հըզպալլան եւ Դիմադրութիւնը կը զօրակցին պաղեստինեան դիմադրութեան եւ իսրայէլեան բռնարարքներուն դիմադրելու Կազայի կամքին:

Share this Article
CATEGORIES