Արսլան Ահազանգ Հնչեցուց Ջուրի Տագնապին Գծով Եւ Դրուատեց Այս Հարցին Լուսաբանման Առնչութեամբ «Վանայ Ձայն»-ի Ու Հալա Հատտատի Ջանքերը

21-07arslan1Երէկ, երկուշաբթի, 21 յուլիսին Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Թալալ Արսլան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ Կազայի վրայ կատարուած յարձակումները: Ան ըսաւ, որ «ականատեսներն ենք նոր ջարդի մը, որ կը կատարուի պաղեստինցի ժողովուրդին հաշուոյն, ջարդ մը, որուն վայրագութեամբ գործողութիւններ կատարուած չեն մարդկային պատմութեան նորագոյն ժամանակներուն ընթացքին»: Ան իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Կազայի պաղեստինցի ժողովուրդին:

Միւս կողմէ, Արսլան լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ ջուրի սակաւութեան հարցին` զայն որակելով «չափազանց վտանգաւոր» հարց, եւ յայտնելով, որ հաւանականութիւնը բարձր է, որ Լիբանան ապրի չորացումի տարիներ տեւող երկար հանգրուան մը:

Արսլան ըսաւ, որ որպէսզի Լիբանան չստիպուի դարձեալ պարտքեր վերցնել եւ օտար երկիրներէ կախեալ ըլլալ, լիբանանցի արհեստավարժ սուզորդներու խմբակ մը ըմպելի ջուրի աղբիւրներ գտած է լիբանանեան ջուրերուն մէջ` ծովուն յատակը: Այս արհեստավարժ մասնագէտներու խմբակը 21 նմանօրինակ աղբիւր գտած է լիբանանեան ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ: Արսլան կոչ ուղղեց օգտուելու ըմպելի ջուրի այս աղբիւրներէն:

Արսլան նաեւ խստիւ զգուշացուց ջուրի մարզը սեփականաշնորհելու փորձերէն:

Արսլան աւելցնելով ըսաւ, որ «մենք յանցաւորներ գտնելու տրամադրութեան մէջ չենք, այլ` հարցին լուծումներ որոնելու մտածողութիւնը պէտք է զարգացնենք` ջուրով հարուստ Լիբանանը դուրս բերելու համար իր տագնապալից կացութենէն, որպէսզի իբրեւ լիբանանցիներ չստիպուինք կախեալ ըլլալ օտար երկիրներէ»:

Արսլան լայնօրէն անդրադարձաւ ջուրի սակաւութեան հարցին եւ առաջարկեց լուծումներ: Մամլոյ ասուլիսի աւարտին ան անդրադարձաւ լիբանանեան լրատուամիջոցներու այս հարցին առնչութեամբ գործակցութեան, յատկապէս «Վանայ ձայն»-ին եւ վերջինիս խօսնակ Հալա Հատտատի յայտագիրներուն, «որոնց արհեստավարժութեան շնորհիւ ջուրի սակաւութեան հարցը իր համապատասխան լրջութեամբ կ՛արծարծուի»:

Share this Article
CATEGORIES