Պըրրի. «Անհրաժեշտ Է Ընտրել Հանրապետութեան Նախագահ Մը»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը անհրաժեշտ է` դրուատելով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջարկած ճամբու քարտէսը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութեան:
Պըրրի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը պէտք է կատարել նախքան երեսփոխանական ընտրութիւնները` ընդգծելով, որ հանրապետութեան նախագահին գոյութիւնը կարեւոր է նաեւ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններ կատարելու համար:
Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ պետական պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձին վերաբերեալ ինք պիտի զօրակցի ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի տեսակէտին եւ պիտի պահանջէ, որ անոնց աշխատավարձի ստացումը օրինական գործառնութեամբ կատարուի:
Միւս կողմէ, Պըրրի հաստատեց, որ Ամալ շարժումին եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը ընթացքի մէջ է, եւ մթնոլորտը դրական էր, մինչեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կողմէ յայտարարուած ժխտական կեցուածքները, որոնք ջրեցին այդ լաւատեսութիւնն ու դրական մթնոլորտը:

