Ըստ Վրաստանի Ներքին Գործոց Նախարարութեան Ներկայացուցիչին. «Թիֆլիսի Հայկական Եկեղեցւոյ Մօտ Տեղի Ունեցած Միջադէպը Ազգամիջեան Բնոյթ Չէր Կրեր»
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան մէջ այն կարծիքը ունին, որ Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին հայկական եկեղեցւոյ մօտ տեղի ունեցած միջադէպը ազգամիջեան բնոյթ չէր կրեր:
«Միջադէպը ազգամիջեան բնոյթ չէր կրեր: Դիմակայութիւնը տեղի ունեցած է փողոցին մէջ, ինքնաշարժի կայանումի պատճառով: Հետաքննութիւնը կը վարեն 125-րդ յօդուածով (հարուածներ հասցնել)», «Նովոսթի Կրուզիա»-ին յայտնած է նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Յիշեցնենք, որ Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ հոգեւոր դասի, թեմի պաշտօնէութեան եւ հաւատացեալներուն դէմ 19 յուլիսի երեկոյեան յարձակում կատարուած էր: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմը հրապարակած էր յայտարարութիւն մը` դատապարտելով դէպքը:
CATEGORIES Հայկական

