Իշխանեան. «Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի Անդամակցութեան Հարցը Կը Նմանի Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններու Նախաստորագրման Հոլովոյթին»

Դաւիթ Իշխանեան

Դաւիթ Իշխանեան

«Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեամբ պայմանաւորուած` Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի միջեւ մաքսատուներ տեղադրելու վերաբերեալ յստակ տեղեկութիւն չկայ, առանց նկատի առնելու այն փաստը, որ տարբեր պաշտօնական շրջանակներ կը փորձեն ներկայացնել, թէ ոչ մէկ մաքսատուն պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ»,  ըսաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան «Երկիր»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ: Ան աւելցուց, որ ամէն բանէ անկախ, Հայաստանն ու Արցախը իրարու միջեւ չեն կրնար մաքսատուն ունենալ:

«Այսօր Արցախ ու Հայաստան, ներկայանալով իբրեւ անկախ հանրապետութիւններ, միջազգային բեմին վրայ կը փորձեն ներկայանալ տարբեր քաղաքական գործունէութեամբ, բայց, այսուհանդերձ, մենք չենք պատկերացներ Հայաստանն ու Արցախը` իբրեւ երկու հայկական պետութիւններ, որոնց միջեւ ըլլայ մաքսատուն մը, որ թելադրուած ըլլայ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ համագործակցութեան հանգամանքով», նշեց Դաւիթ Իշխանեան:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը աւելցուց. «Կարելի է` մաքսատուն հասկացողութիւնը ունենալ, երբ ատիկա թելադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պայմանագիրներով` իբրեւ երկու անկախ միաւորներու: Բայց Եւրասիական տնտեսական միութեան գործունէութենէն բխող համապատասխան գործառոյթներէ թելադրուած ըլլալը, գոնէ այս պարագային կարելի չէ պատկերացնել, մասնաւորաբար նկատի առնելով, որ տակաւին ամբողջովին բացայայտուած չեն  միութեան անդամակցելու բոլոր կէտերը, կամ այդ փաստաթուղթերուն ծրարը, գոնէ մեզի համար: Արցախը չի կրնար այդպիսի անցակէտ արտօնել, եւ այդպիսի անցակէտ դնելով Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ` ատիկա կրնայ ճակատագրական դառնալ Արցախի համար, որովհետեւ թելադրուած չէ միայն Արցախ-Հայաստան` երկու հանրապետութիւններու յարաբերութիւններէն, այլ թելադրուած է Եւրասիական տնտեսական միութիւն-Արցախ յարաբերութիւններէն մեկնելով»:

Դաւիթ Իշխանեան Եւրասիական տնտեսական  միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հարցը կը համեմատէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու  արձանագրութիւններու նախաստորագրման եւ այդ ամբողջական հոլովոյթին հետ եւ կը նշէ, որ հայ-թրքական արձանագրութիւններու պարագային ալ պաշտօնական կողմը կը ներկայացնէր, թէ չկան նախապայմաններ, եւ թրքական կողմը ոչ մէկ նախապայման կ՛առաջադրէ, բայց անոր իբրեւ հետեւանք արցախցիներուն համար հասկնալի էր, որ հիմնական թնճուկը ճիշդ Ղարաբաղի հիմնահարցն է եւ պայմանաւորուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեամբ:

«Նոյն երեւոյթը, կարծես թէ այսօր Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու հոլովոյթի պարագային ըլլայ: Տեսէ՛ք, Հայաստանի պաշտօնական շրջանակներուն կողմէ յոյս յայտնուեցաւ, որ յուլիսին արդէն կը ստորագրուի փաստաթուղթը, եւ Հայաստան կ՛անդամակցի միութեան, բայց, միւս կողմէ, կ՛ուզեմ յիշեցնել Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, որ Հայաստանի անդամակցութեան հարցը պիտի քննարկուի հոկտեմբերին: Այսինքն` Հայաստանի անդամակցութիւնը այս կամ այն առիթով անընդհատ կը հեռացուի եւ ժամանակի առումով կը մղուի դէպի ապագայ: Եւ ես յոյս ալ չունիմ, որ հոկտեմբերին Հայաստանի անդամակցութիւնը կը դառնայ իրականութիւն: Որովհետեւ, ըստ ինծի, այդ բոլորին հիմքին մէջ ոչ թէ տնտեսական յարաբերութիւններ պարունակող չպարզաբանուած որոշ կէտեր կան, անշուշտ, պաշտօնական տեսակէտներով կը ներկայացուի, թէ Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան կը համապատասխանեցնէ Հայաստանի` Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան անդամակցելու ու ատկէ բխող համապատասխան հոլովոյթներուն, բայց ես համոզուած եմ, որ այդ բոլորին հիմքին մէջ քաղաքական կարեւորագոյն բաղադրիչ պարունակող Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցն է, որ տակաւին կը  գտնուի, այսպէս կոչուած, չլուծուած հանգամանքներու մէջ», նշեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ աւելցուց, որ միւս կողմէ` Ղարաբաղի հիմնահարցը ոմանց համար կրնայ իբրեւ խաղաքարտ օգտագործուիլ եւ ատով Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցելուն զուգընթաց նաեւ Ազրպէյճանը ներքաշել այդ հոլովոյթին:

 

Share this Article
CATEGORIES