Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Զինադադարի 500 Խախտում` Շփման Գիծին Վրայ
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի տուեալներուն համաձայն, 13-19 յուլիսին Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարի դրութիւնը խախտուած է շուրջ 500 անգամ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 4000 կրակոցներ:
«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը հաւատարիմ մնացած են զինադադարի պահպանման դրութեան եւ շփման գիծի ամբողջ երկարութեամբ շարունակած են վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն», նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:
CATEGORIES Հայկական

