Սէյրան Օհանեան Պարգեւատրած Է Հակառակորդին Ներթափանցումը Կանխած Զինուորներէն Մէկը
«Մարտական յենակէտին մէջ ստեղծուած արտակարգ իրավիճակին մէջ արագ կողմնորոշուելու եւ մայիսի վերջին օրերուն հակառակորդի հետախուզական գործողութիւնը կանխելու ընթացքին ցուցաբերած խիզախութեան համար» Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան «Գարեգին Նժդեհ» մետալով պարգեւատրած է ժամկէտային զինուոր Ռուզվելտ Թորոսեանը:
Իր երախտագիտութիւնը յայտնելով զինուորին եւ անոր հարազատներուն` նախարարը նշած է, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պիտի աջակցի Ռուզվելտ Թորոսեանի հետագայ բուժման: Վերջինս գործողութեան ընթացքին վիրաւորուած էր եւ հիւանդանոցին մէջ ապաքինման շրջանէ մը անցած:

