Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Հեռացէք աղմկոտ եւ ապականած մթնոլորտով վայրերէ, դէպի բնութիւն եւ տեսարժան վայրեր այցելեցէք: Այս եղանակին օգտուեցէք ծովէն, դաշտէն:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Երջանկութիւնը մեծ երեւոյթներու մէջ մի՛ փնտռէք: Մանրամասնութիւններ կան, որոնք աւելի հաճելի ժամեր կ՛ընծայեն, քան` միւս մեծ կարծուածը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ժպտացէք, ժպտուն եղէք, որպէսզի կեանքը ուրախացնէ ձեզ: Ծուռ տրամադրութիւնը, տխրութիւնը կը վնասեն նախ ձեզի, յետոյ կը վնասեն բարեկամութեան:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ամէն մարդ պէտք ունի քաջալերանքի, ինչպէս նաեւ` դուք: Ջանացէք մարդկային-ընկերային տրամադրութեամբ վարուիլ եւ քաջալերել կարիքաւորը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այսօր աշխատանքի ժամանակն է, մթնոլորտը ի նպաստ ձեզի է: Հանգստանալու ժամանակն ալ կու գայ: Հետեւեցէք օրուան անցուդարձերուն:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Սորվեցէք վստահութիւն ունենալ ուրիշին, եթէ հարկ է` անոր միջոցով աշխատանք մը կատարել: Այդ անձը ղրկեցէք հոն, ուր որ կ՛ուզէք: Այս ալ գիտցէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Չնախատեսուած ճամբորդութիւն մը կը նախատեսուի: Անակնկալ չըլլայ, սակայն ձեզի համար պիտի բացուի հաճելի արկածախնդրութեան առիթ մը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ունեցած հոգը բաղդատեցէք ուրիշներու աւելի ծանր հարցերուն հետ, եւ խղճի ձայնով դատեցէք դուք ձեզ: Յոռետեսութիւնը հիւանդութիւն է:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աշխատանքի ձեր գործակիցներուն վրայ վստահութիւն ունեցէք: Յարգանքը փոխադարձ կ՛ըլլայ: Յարգէ, որ յարգուիս: Ճշմարտութիւն է այս ալ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դուք պիտի ըլլաք ձեր կատարածին պատասխանատուն: Կեղծիքը հեռու է ձեզմէ: Դուք կրնաք ճշդել ձեր ուզածը, «այո»-ն եւ «ոչ»-ը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Լաւ լուրեր պիտի ստանաք ձեր ընտանիքէն եւ պիտի հանգստանաք: Ձեր կարգին փոխանցեցէք ձեր կատարած աշխատանքը, տեղեկութիւններ տուէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընտանեկան ալպոմ մը պիտի վերյիշեցնէ աղուոր պատմութիւն մը: Ձեր ուրախութեան մասնակից դարձուցէք ձեր շուրջինները: Օրը հաճելի է:

Share this Article
CATEGORIES