50 Տարի Առաջ (23 Յուլիս 1964)

Շնորհիւ Պապի
Ոճրագործ Մը Հռոմի Բանտէն
Ազատ Արձակուեցաւ

Այսօր Հռոմի մէջ կը գտնուի ոճրագործ մը, որ կը բաղձայ իր սրտին վրայ սեղմել պապը:

Ռոզարիօ Սքալապրինօ է անունը անոր, քառասուներեք տարու է: Քսան տարիէ ի վեր բանտն է ան, որուն յանցանքն է ոճրի մը մեղսակից ըլլալը: Ցկեանս բանտարկութիւն կրած էր ան, բայց…

Ազատ արձակուեցաւ:

Պապը միջամտեց իրեն համար:

Դէպքը հետեւեալն է:

Ապրիլ 9-ին սրբազան պապը կ՛այցելէր Հռոմի կեդրոնական բանտը: Երբ բանտին կեդրոնը շինուած խորանին առջեւ պապը կ՛աւարտէր պատարագը, բոլոր բանտարկեալները մօտեցան իրեն ու համբուրեցին իր ձեռքը: Անկիւնը, պատգարակի մը վրայ երկարած բանտարկեալ մը կար, որ չկրցաւ մօտենալ: Ռոզարիոն էր: Պապը մօտեցաւ օրհնելու համար զայն: Ռոզարիօ քիչ մը վեր ելաւ եւ կրցաւ համբուրել անոր ձեռքը: Ու ըրաւ իր աղաչանքը:

– Սրբազա՛ն հայր, ցկեանս բանտարկուած եմ: Կը ցաւիմ ըրածներուս վրայ, մէկ խնդրանք ունիմ. եթէ կարենամ վերստին տեսնել կինս` Սեպասթիանան, որ Սիկիլիա կը գտնուի, մարդոց ամէնէն երջանիկը պիտի ըլլամ: Անիկա սուրբ կին մըն է: Մեղադրանքի բառ մը իսկ չըրաւ ինծի ու կը սպասէ ինծի երկար ատեն է ի վեր: Դրամ չունի գալու եւ զիս տեսնելու համար: Ես շատ հիւանդ եմ: Սրունքներս անդամալուծուած են ու չեմ կրնար իսկ քալել:

Քահանայապետը երկարօրէն դիտեց Ռոզարիոն, անբարբառ: Յետոյ մեկնեցաւ: Օրերը կ՛անցնէին եւ Ռոզարիօ կարծեց, թէ պապը մոռցած էր զինք:

Մայիս 25-ին գեղեցիկ անակնկալ մը կը սպասէր խեղճ բանտարկեալին:

– Այդ օրը բանտին տնօրէնը` Մարչելլօ Պուսնամանօ, խուց եկաւ ու ըսաւ.

– Ռոզարիօ՛, ազատ ես: Սրբազան պապը գթաց քեզի: Հանրապետութեան նախագահէն խնդրեց քու ազատութիւնդ, եւ ան ալ շնորհեց,- յայտարարած է Ռոզարիօ լրագրող Ժաք Հարվէյի:- Աչքերս արցունքով լեցուեցան ու կարծեցի, թէ սիրտս պիտի կենար: Պիտի տեսնէի կինս:

Բայց Ռոզարիօ շատ հիւանդ էր ճամբորդելու համար: Բանտէն ելլելէ ետք, Հռոմի հիւանդանոցներէն մին տարուեցաւ, ուր կը դարմանուի: Բժիշկները իրեն խոստացան, որ երեք ամիսէն պիտի կրնայ քալել: Ռոզարիօ ըսած է, թէ մեկնելէ առաջ (Սիկիլիա) պիտի փորձէ տեսնել նորին սրբազնութիւնը, թէ` երեք անգամ գրաւոր շնորհակալութիւն յայտնած է անոր, եւ թէ` չի բաւականանար ատով, այլ կ՛ուզէ անձամբ սեղմել զայն իր կուրծքին վրայ:

Կինը`
Կատարեալ Առեղծուած Մը

Մարդկութիւնը գիտակցութեան տէր դառնալէն ի վեր կինը առեղծուածի մը վերածուած է այր մարդուն համար: Դիպուածով չէ, որ Սֆինքսը Յունաստանի մէջ ներկայացուած էր կնոջ մը գլուխով եւ ծոցով: Արդէն իսկ կը խորհրդանշէր այրերու անձկութիւնը կանացի անթափանցութեան առջեւ: Փուճ պիտի ըլլայ մեր մատենադարաններու գիրքերուն մէջ ուսումնասիրել կանացի խորհուրդին խորքը, քանի այդ գիրքերէն շատեր այրերու կողմէ գրուած են:

Նոյնիսկ հոլանտացի գիտնական Պիւյթենտիժի, որ վերջինը եղաւ կինը վերլուծող, բացառութիւն մը չկարողացաւ կազմել: Ան թուանշաններ եւ վիճակագրութիւններ տալով հանդերձ, իր նախորդներուն նման բախեցաւ յուզական հակազդեցութիւններու:

Կինը բացարձակապէս համադրել ուզուելէ կու գայ ամէն չարիք:

Արդ, իր դիրքը, յատկութիւնները եւ թերիները, իրականութիւններէ աւելի առարկայական մանրամասնութիւններ են: Կինը կ՛ապրի եւ կը գործէ ոչ թէ դէպքերու, այլ իր իսկ կամքին համաձայն:

Այս իրականութիւնը ցոյց տուող խորհրդանշական փոքր մանրամասնութիւնը հայելիի առջեւ իր ման գալն է:

Իր դէմքին ուղղեալ քննադատական ակնարկը պճնասիրութեան արարք մը չէ, ինչպէս կը խորհին այրեր: Կը քննէ ան ինքզինք մանրակրկիտօրէն եւ շապիկի մը նման վրան կ՛անցընէ անհատականութիւնը, քանի հինէն ի վեր, նախ քան ամէն բան, ֆիզիքական երեւոյթ մըն է լոկ կինը:

Եթէ դէմքը յանկարծ ցոյց տայ իր տարիքը կամ տարիքէն աւելին, իր շուրջիններուն համար անբացատրելի շարք մը հակազդեցութիւններ ծայր կու տան: Տիկնոջ կամ օրիորդին տրամադրութիւնը իսկոյն կ՛աւրուի` անհանդուրժելի մթնոլորտ մը ստեղծելով իր շուրջ:

Կիներէն ոմանք մինչեւ իսկ ինքնասպան կ՛ըլլան` չկարողանալով հանդուրժել ապերախտ տարիքի ֆիզիքական անպատեհութիւններուն: Մարթին Քարոլ մորթինով կը մխիթարուի, իսկ Աւա Կարտնըր 45 տարեկանին քաշուեցաւ արդէն սպիտակ պաստառէն:

Կիները չեն հանդուրժեր, որ անցեալ եղանակը գործածուի իրենց համար, ինչպէս` «ատենօք գեղեցիկ եղած էր» եւ այլն:

Կիներուն բարոյական անկումը հոգեբանական պատճառներէ յառաջ կու գայ յաճախ: Վիճակագրութիւններ ցոյց կու տան, թէ 40-45 ամեայ 750 հազար կիներ ալքոլամոլութեան պատճառով կը դարմանուին հիւանդանոցներու մէջ:

Բոլորն ալ կը տառապին նոյն ախտէն: Ծերանալու մղձաւանջէն…

Ներկայիս կիները գրեթէ հաւասարած են այրերու` բոլոր մարզերու մէջ, առանց հրաժարելու իրենց կանացի շնորհներէն: Չեն նմանիր անոնք երբեմնի անհրապոյր «Ֆեմինիսթ»-ներուն:

Սակայն ճակատագրական կինը: Աւա՜ղ, կը շարունակէ միշտ աշխատող կինէն աւելի հրապուրել այրը:

Կա՞յ միթէ, Ադամը փորձութեան մատնող եւ դրախտի կորստեան պատճառ դարձնող Եւայէն աւելի խորհրդաւոր կին մը…

ՄԻՄԻ

 

Share this Article
CATEGORIES