«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Սաստիկ Բախումներ Արեւելեան Պէյրութի Մէջ. Թրատ Թաղը Վտանգաւոր Գօտի
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Փաղանգաւորներու զինուորական դիրք Տէքուանէի մէջ
Պէյրութի եւ արուարձաններուն մէջ բախումները սաստկացան 1975-ի նոյեմբերի կիսուն, իսկ առեւանգումները լայն ծաւալ ստացան:
Ճամբաներուն վրայ անցարգելները բազմացան, նոր պատնէշներ բարձրացուեցան եւ նոր ճակատներ բացուեցան:
Պայթումներու, բախումներու եւ զանազան դէպքերու զուգահեռ կատարուած առեւանգումները բաւական ծանր ազդեցին բնակչութեան վրայ:
Կարգ մը առեւանգեալներ ազատ արձակուեցան, ուրիշներ փոխանակուեցան, իսկ շատեր սպաննուեցան կամ անգտանելի մնացին:
Բազմաթիւ ընտանիքներ ուրախացան ու տխրեցան, ուրիշներ մնացին սպասման վիճակի մէջ, յուսալով որ իրենց ընտանիքներու անդամներէն կորսուած կամ անգտանելի մնացած անձը կրնայ հրաշքով երեւան գալ:
Առեւանգումները օրըստօրէ սաստկացան եւ օրական 50, 100 եւ 200 անձեր առեւանգուեցան, բայց անոնց մէկ մասը վերագտնուեցաւ: Նոյեմբերի կիսուն առեւանգեալներուն թիւը բարձրացաւ, բայց կարգ մը առեւանգեալներ ալ ազատ արձակուեցան:
Քաջալերուած այդ դէպքէն, Լիբանանի ձայնասփիւռի կայանի շրջուն խօսնակ Շարիֆ Ախաուի, անդրադառնալով այդ առեւանգումներուն, իր ունկնդիրները հանդարտեցուց ըսելով. «Երէկուան առեւանգումները եղան արդիական եւ մարզական»:
Պէյրութի բոլոր մուտքերը անապահով դարձած էին: Մեթնի եւ Քեսրուանի գիւղերէն կամ Թրիփոլիէն Պէյրութ ուղղուող քաղաքացին կ՛իյնար Տորայի եւ Նահրի մէջ հաստատուած անցարգելներուն առջեւ:
Պեքաայէն, Պհամտունէն կամ Համմանայէն ուղղուողները չէին կրնար անցնիլ Հատէթէն կամ Հազմիէէն:
Սուրէն, Սայտայէն կամ Շուֆէն ու Տամուրէն Պէյրութ ուղղուողներուն առջեւ կը պարզուէին վտանգաւոր շրջաններ. Քֆարշիմա, Շուէյֆաթ եւ Խալտէ:
Տորայէն քաղաք ուղղուող ինքնաշարժները կ՛անցնէին Պուրճ Համուտ-Նահր-Աքքաուի-Սայֆի հին ճամբայէն: Սին Էլ Ֆիլէն ուղղուողները կը մտնէին Պուրճ Համուտի թաղերը, իսկ Մազրաա գացողները կ՛ընէին Ֆենիսիա-ամերիկեան դեսպանատուն-Ռաուշէ շրջանը:
*
* *

Այն Մըրէյսիի Արհեստից ցուցասրահին առջեւ
Պէյրութի արեւելեան եւ հարաւային արուարձաններուն մէջ երեքշաբթի, 18 նոյեմբերին կռիւները սաստկացան:
Արդարեւ, երկուշաբթի, 17 նոյեմբերէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին հակամարտ զինեալ տարրեր շարժման անցան Սին Էլ Ֆիլի, Նապաայի, Տըքուանէի եւ այլ շրջաններու մէջ:
Նոյն ժամերուն, զանազան շրջաններու մէջ լսուեցան կրակոցներ, պայթումներ, եւ մէկ կողմէ Նապաայի ու Տահր էլ Ժամալի ու միւս կողմէ Սին Էլ Ֆիլի միջեւ տեղի ունեցաւ բախում մը, որ տեւեց շուրջ չորս ժամ:
Տորայի մէջ ծագած հրդեհը, որ հրոյ ճարակ դարձուց Ինթերկազ ընկերութեան կազի կեդրոնը, մեծ դժուարութեամբ զսպուեցաւ հրշէջներու կողմէ:
Երեքշաբթի, 18 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 3:05-ին Նապաայէն զինեալ տարրեր ծանր զէնքերով յարձակում գործեցին Սին Էլ Ֆիլի վրայ: Նապաացիք, երբ հասան Սին Էլ Ֆիլի մուտքը, երկու կրակի մէջ մնացին եւ անոնցմէ շատեր սպաննուեցան, իսկ ուրիշներ վիրաւորուեցան: Ոմանք ալ սպաննուեցան Սին Էլ Ֆիլի բոլորակին վրայ:
Գրեթէ նոյն ժամերուն, Նահրի Քորնիշին վրայ եւս զինեալ տարրեր երեւցան եւ կրակոցներ լսուեցան ամէն կողմ:
Պուրճ Համուտի Թրատ թաղը ծանր ժամեր ապրեցաւ: Նապաայի մօտիկ այդ շրջանին բոլոր ճամբաները վտանգաւոր նկատուեցան, որովհետեւ բազմաթիւ արձակազէններ, Նապաայի կարգ մը շէնքերուն վրայ դիրք բռնած, կրակ կը բանային Թրատէն անցնող թաղեցիներուն վրայ, որոնցմէ շատեր վիրաւորուեցան:
Այդ օր, առտուան ժամը 6:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4, 24 անմեղներ վիրաւորուեցան Թրատի մէջ եւ զանազան հիւանդանոցներ փոխադրուեցան:
Այն Ռըմմանէ-Շիահ ճակատը եւս բռնկեցաւ եւ հակամարտ կողմերը ծանր զէնքեր սկսան գործածել: Ներքին ապահովութեան ուժերը փորձեցին միջամտել, բայց բախումներու սաստկութեան առջեւ քաշուեցան իրենց դիրքերը:
Զինեալ տարրեր կը շարունակէին սարսափ տարածել ամէն կողմ: Նախկին դիրքերէն աւելի առաջ երթալով, միլիսներն ու արձակազէնները յաջողեցան անգործածելի դարձնել բազմաթիւ բանուկ ճամբաներ, Պէյրութի զանազան մուտքերը, ինչպէս նաեւ հրապարակները:
*
* *
Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Մորիս Քուվ տը Միւրվիլ չորեքշաբթի, 19 նոյեմբերի 1975-ին Լիբանան այցելեց, նախագահ Վալերի Ժիսքար տ՛Էսթէնի կողմէ վստահուած ծանօթացումի ու բարեկամութեան առաքելութիւն մը կատարելու համար: Անոր կ՛ընկերանային նախկին նախարար Ժորժ Կորս եւ արտաքին գործերու խորհրդական Ժան Կեկինու:
Քուվ տը Միւրվիլ հանդիպումներ ունեցաւ նախագահ Սիւլէյման Ֆրենժիէի, վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի, խորհրդարանի նախագահ Քամէլ Ասաատի, արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Թաքլայի, ներքին գործոց նախարար Քամիլ Շամունի, Ազգային Պլոքի ղեկավար Ռեմոն Էտտէի, նախկին վարչապետներ Ապտալլա Եաֆիի եւ Սաէպ Սալամի, ՊԱԿ-ի ղեկավար Եասէր Արաֆաթի, իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնական պետերու, Փաղանգաւոր կուսակցութեան պետ Փիեռ Ժըմայէլի, Ընկերվարական Յառաջդիմական կուսակցութեան պետ Քամալ Ժոմպլաթի եւ մամլոյ սետիքայի նախագահ Ռիատ Թահայի հետ:
Քանի մը օր տեւած իր հանդիպումներու ընթացքին Քուվ տը Միւրվիլ շեշտեց, որ «Լիբանանի ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու հարց չի կրնար ծագիլ»: Ան նշեց, որ «Ֆրանսա միայն կրնայ սատարել որոնումին մեղմացումի մը, որ անհրաժեշտ է, որպէսզի խնդիրները կարելի ըլլայ ուսումնասիրել եւ խօսիլ անոնց մասին»: «Լիբանանեան տագնապին լուծումը կը պատկանի միայն լիբանանցիներուն», նկատեց ան, միաժամանակ թելադրելով լիբանանեան տագնապին լուծումը չկապել պաղեստինեան հարցին լուծման:
Քուվ տը Միւրվիլ յստակօրէն դատապարտեց Լիբանանէն ներս կատարուող օտար միջամտութիւնները, «որոնց խաղը ճշդորոշելը բաւական դժուար է», ըսաւ ան:
*
* *
Ուրբաթ, 21 նոյեմբերի երեկոյեան բախումները սաստկացան բոլոր ճակատներուն վրայ:
Սին Էլ Ֆիլի մէջ զինեալ տարրեր կրակ բացին ներքին ապահովութեան ուժերուն պատկանող ինքնաշարժի մը վրայ: Զրահապատ կառքը հակազդեց եւ սոսկալի բախում մը ծայր տուաւ Նապաայի եւ Սին Էլ Ֆիլի միջեւ: Նոյն պահուն արձակազէններ կրակ բացին զինուորական այլ ինքնաշարժի մը, ինչպէս նաեւ Էքոլ Օթիլիէրի մօտ գտնուող զինուորներուն վրայ:
Նապաայի, Սին Էլ Ֆիլի եւ Էշրեֆիէի միջեւ բախումները շարունակուեցան ամենասաստիկ կերպով:
*
* *

Լիբանանի դրօշակին պաշտպան հայ երիտասարդը
Հակամարտ կողմերուն միջեւ տեղի ունեցող բախումներուն հետեւանքով, Պուրճ Համուտի մեծամասնութեամբ հայաբնակ Թրատ թաղամասը վտանգաւոր գօտի դարձած էր: Բազմաթիւ անմեղներ վիրաւորուեցան, որոնք զոհ գացին վրիպած փամփուշտներուն եւ արձակազէններու կրակին:
Շրջանի հայ պատասխանատուները աշխատանք տարին, որպէսզի վերջ տրուի այդ անհանդուրժելի կացութեան, եւ մէկ կողմէ` Պաղեստինեան դիմադրութեան զանազան հոսանքներ եւ միւս կողմէ` փաղանգաւորներն ու ազատականները հեռանան իրենց այդ շրջանի դիրքերէն, զանոնք յանձնելով հայ պահակ տղոց:
Երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք, համաձայնութիւնը գոյացաւ շաբաթ, 22 նոյեմբեր 1975-ի կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Նիկոլ Դուման ակումբին մէջ:
Կիրակի առաւօտ, համաձայնութիւնը գործադրուեցաւ եւ շրջան վերագտաւ եւ համեմատական անդորրութիւնը:
*
* *
Կիրակի, 23 նոյեմբերին բախումները սաստկացան Էշրեֆիէի, Տատր Էլ Ժամալի, Տըքուանէի, Թէլ Զաաթարի եւ Հըրշ Թապէթի միջեւ:
Տըքուանէի բարձունքներէն իջած զինեալ տարրեր, յարձակելով Պէյթ Ահպաշ թաղէն, ծանր բախումներ ունեցան Տըքուանէի կեդրոնը եւ մուտքին գտնուող ուժերուն հետ ու տիրացան շրջանին:
Տորա-Ժըտէյտէ- Սին Էլ Ֆիլ ճամբան փակուեցաւ, իսկ Տորա-Քարանթինա ճամբան վտանգաւոր դարձաւ: Պուրճ Համուտի անմիջական շրջակայքը սաստիկ բախումներ տեղի ունեցան փաղանգաւորներուն եւ պաղեստինցի ֆետայիներուն միջեւ:
*
* *
Պատերազմի, աւերածութեան եւ անգործութեան պայմաններուն տակ, բազմաթիւ հայ ընտանիքներ նիւթական անձուկ կացութեան եւ յետին թշուառութեան մատնուած էին: Շատ մը գործատեղիներ իրենց դուռերը փակած եւ պաշտօնեաները արձակած էին, իսկ քաղաքի կեդրոնական շուկային վրայ գտնուող խանութներն ու վաճառատուները մոխիրի վերածուած էին:
ժողովուրդին օժանդակութեան հասնելու հրամայական պահանջին արձագանգ հանդիսանալով, «Ազդակ» 29 նոյեմբեր 1975-ի թիւով եւ «Հրամայական պահանջ» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.
«Անցնող աւելի քան եօթը ամիսներու ընթացքին, Լիբանանի ցաւալի դէպքերը բազմաթիւ ու բազմապիսի դժուարութիւններ ստեղծեցին այս երկրի բնակչութեան համար: Եթէ մէկ կողմ թողունք առաջացած քաղաքական բարդութիւնները, որոնց մասին շահ գրուեցաւ ու կը գրուի տակաւին, կայ ու կը մնայ, կապարի նման ծանրացած, տնտեսական տագնապ մը, որով առաւել կամ նուազ չափով կը տագնապի ամէն քաղաքացի, հարուստ ըլլայ ան թէ աղքատ, գործարանատէր թէ գործաւոր:
Այսօրուան մեր ազգային մտահոգութեան գլխաւոր առարկան պիտի ըլլայ հսկայ զանգուածը աշխատաւոր հայ ժողովուրդին, որ ամիսներէն ի վեր, միւս բոլոր հոգերուն եւ մտավախութիւններուն կողքին, մթնցող երկնքին եւ առաւօտեան արեւածագին հետ, կ՛ապրի անդոհանքը օրուան ապրուստը ճարելու, ընտանիք եւ երեխաներ կերակրելու:
Արդարեւ, համատարած ու զինեալ բախումներու հետեւանքով առաջացած գործազրկութիւնը, երկար ատենէ ի վեր արդէն, աւեր կը գործէ ժողովրդային խաւերէն ներս, ուր ճակտի քրտինքով օր աւուր ապրող եւ ապրուստ շահող հարիւրաւոր եւ հազարաւոր ընտանիքներ մատնուած են յետին թշուառութեան:
Սպասելի էր որ ազգային եւ հանրային պատասխանատու շրջանակները օրի՛ն ձեռնարկէին օժանդակութեան գործին, լայն տարողութեամբ եւ համադրուած ձեւով, հայրական հոգածութիւն ցոյց տային կարիքաւորներուն եւ փութային հոն ուր պէտք ունէին իրենց բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան: Դժբախտաբար չեղաւ այդպէս: Եւ այսօր, պատասխանատուները չքմեղանք չունին խուսափելու համար պատասխանատուութենէ: Իսկ ինչ որ կատարուեցաւ կարգ մը բարեսիրական հաստատութիւններու կողմէ, դուրս չելաւ ընթացիկի սահմաններէն եւ, ամէն պարագայի տակ, վտիտ էր բաղդատած այն ծով կարիքներուն, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի ժողովուրդին զանգուածը: Պաշտօնական հաղորդագրութիւնները կամ ի պաշտօնէ եղած յայտարարութիւնները, ցարդ, աչքի փոշի են միայն ու ոչ իսկ քնաբեր դեղահատ, որովհետեւ իրականութիւնները պերճախօս են ու ցոյց կու տան հանրային մեր կեանքէն ներս ներկայութիւնը` դժուարութեանց դէմ անզօրութեան մատնուած կամ ձեռնածալ մնացող խումբ մը մարդոց, որոնց մօտ կը բացակայի առնուազ նախաձեռնութեան ոգին:
Վերեւի խօսքերը չեն ըսուիր իբրեւ յապաղած քննադատութիւն, որովհետեւ անհրաժեշտ յիշեցումները օրին եւ բազմիցս կատարուած են արդէն առ որ անկ է: Անոնք չեն ըլլար նաեւ աւելի եւս ծանրացնելու համար մթնոլորտ մը, որ ինքնին յուսահատութեան կ՛առաջնորդէ շատ շատեր: Այլ պարզապէս` վերստին յիշեցնելու համար որ, Էջմիածնի կաթողիկոսէն եւ Սփիւռքի հոգեւոր պետերու կոչերէն ետք, լիբանանահայ եւ Սփիւռքի հոգեւոր պետերու կոչերէն ետք, լիբանանահայ երեք յարանուանութեանց հրատարակութեան յանձնած հաղորդագրութիւնը եւս, ուր կը ծանուցուի Օգնութեան Կեդր. Յանձնախումբի մը եւ զանազան յանձնախումբերու կազմութիւնը, չմնայ մեռեալ տառ, այլ վերածուի կենդանի գործ, ստանայ բնոյթը համազգային իսկական արշաւի մը, որ ընդհանուր հանգանակութեան եւ նպաստաբաշխումի մը ճամբով, ապահովէ ոչ միայն անմիջական կարիքները չքաւորութեան եւ թշուառութեան դուռը հասած բազմութիւններուն, այլ նաեւ վերականգնումի ամուր հիմերը նետէ երէկուան բարգաւաճ ու հայաբոյր այս գաղութին, որ կը հանդիսանար ու տակաւին պիտի հանդիսանայ կենսատու կորիզը ամբողջ սփիւռքի հայ կեանքին:
Այդ իսկ պատճառով, մենք գոհունակութեամբ եւ հաւատքով կ՛ողջունենք լիբանանահայ երեք յարանուանութեանց պետերուն միացեալ կոչը, որուն տրուած դրական պատասխանը յաւելեալ եւ շօշափելի փաստ մը պէտք է հանդիսանայ մեր կեանքէն ներս տիրող եւ բոլորին կողմէ ծափահարուած ազգային միասնականութեան: Ներկայ պայմաններուն մէջ, ոչ միայն բարեսիրական, այլ նաեւ մշակութային, մարզական, ընկերային, հայրենակցական եւ մնացեալ բոլոր միութիւններն ու հաստատութիւնները, անխտիր, չունին ուրիշ գործ, բացի այն մէկէն` որ կը կայանայ իրենց բոլոր կարելիութիւնները, նիւթական եւ բարոյական, եւ իրենց կազմակերպութեանց ամբողջ կենսունականութիւնը ժողովրդային զանգուածներու եւ ազգային ընդհանրական շահերուն ի սպաս դնելու մէջ:
Այս է օրուան հրամայական պահանջը, որուն դիմաց ամէն դասալքութիւն աններելի է»:

