Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Վիքի» Ճամբարի Մասնակիցներուն Հանդիպումը
Ռալֆ Եիրիկեանի Հետ

IMG_3243Երիտասարդական «Վիքի» ճամբարի կազմակերպիչներուն հրաւէրով «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը հանդիպում ունեցածէ ճամբարի մասնակիցներուն հետ:

«Վիքի» ճամբարը տեղի կ՛ունենայ Վանաձորի մէջ, անիկա սկսաւ 6 յուլիսին եւ պիտի տեւէ մինչեւ 26 օգոստոս` երկու հանգրուանով: Այս նախաձեռնութեան կազմակերպիչներն են «Վիքի Մեդիա» հիմնադրամն ու «Վիքիմեդիա Հայաստան» գիտակրթական-հասարակական կազմակերպութիւնը:

Ռալֆ Եիրիկեան նշած է, որ հայկական ազգային ինքնութեան եւ պատմական մշակութային հարուստ ժառանգութեան պահպանումը միշտ ալ կարեւոր եղած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի համար:

Այս առիթով ան ողջունած է համացանցին վրայ հայկական բովանդակութիւնը աւելցնելու ջանքերը, որոնք մեծապէս պիտի նպաստեն Հայաստանի մասին իրազեկման, նաեւ հայրենիքէն դուրս բնակող հայերուն տեղեկութեան փոխանցման: «Այս նախաձեռնութիւնը նաեւ կապի հաստատման հարթակ է նոյն գաղափարներն ու մտահոգութիւնները կիսող հայ երիտասարդներուն համար: Մենք պէտք է ընդունինք, որ ժամանակակից թուային աշխարհի օրէնքները կը պահանջեն, որ ազգը պատշաճ ներկայացուի հոն, որովհետեւ համացանցը ուժեղ ու հզօր գործիք է», հաստատած է Եիրիկեան:

Արդէն Սկսած Է «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցը

IMG_6738Յուլիս 15-ին Երեւանի պետական համալսարանի մշակոյթի կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք ամառնային դպրոց 2014» ծրագիրի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Մասնակիցները ողջունեցին եւ բացման խօսքով հանդէս եկան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը եւ Երեւանի պետական համալսարանի գիտական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան գծով փոխնախագահ Գեղամ Գէորգեանը:

«Ամառնային դպրոցին նպատակն է հայապահպանութեան խթանումը` հայոց լեզուի ուսուցման, սփիւռքի հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչներու մասնագիտական որակներու բարձրացման միջոցով: Ծրագիրը կարելիութիւն կու տայ սփիւռքահայերուն մայրենին սորվիլ եւ վերապատրաստուիլ հայրենիքի մէջ եւ ձեռք բերած գիտելիքները փոխանցել սփիւռքահայ մեր միւս հայրենակիցներուն: Մասնակիցներուն շնորհիւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը կայացաւ եւ դարձաւ սփիւռքի գաղութներուն, հայկական կազմակերպութիւններուն, հայապահպանութեան դժուար գործին աջակցող, մշտապէս գործող կառոյց, որուն վառ վկայութիւնն է ծրագիրի  տարուէ տարի ընդլայնումը», յայտեց նախարար Հ. Յակոբեան:

Գ. Գէորգեան կարեւոր նկատեց այս դպրոցին մէջ  վերապատրաստուող ուսուցիչներուն դերը, քանի որ հայապահպանութեան թիւ մէկ կրողն ու պահպանողը ուսուցիչներն են, անոնց վերապահուած է հայրենիքի սահմաններէն դուրս հայկականութեան պահպանման դժուարին ու պատուաբեր գործը: Ան դպրոցի մասնակիցներուն մաղթեց ուսման արդիւնաւէտ ընթացք եւ հոգեւոր ազդակներ` սփիւռքի մէջ գտնուող հայրենակիցներուն փոխանցելու համար:

«Սփիւռք» ամառնային դպրոցը կը գործէ վեց ուղղութիւններով` «Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու ուսուցիչներու վերապատրաստում», «Սփիւռքի լրագրողներու դասընթաց», «Սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու դասընթաց», «Հայոց լեզուի (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն) արագ դասընթացներ», «Ազգային երգի, պարի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթաց»: Այս տարի աւելացած է «Սփիւռքի հայկական համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ աշխատակիցներու վերապատրաստման դասընթացը»:

2012-էն ի վեր կազմակերպուող այս դասընթացքները կը վարեն Հայաստանի եւ սփիւռքի լաւագոյն մասնագէտները: Մասնակիցները նաեւ առիթ կ՛ունենան այցելելու պատմական եւ մշակութային վայրեր, հանդիպումներ ունենալու պետական ու մշակութային նշանաւոր գործիչներու հետ: Այս տարի ծրագիրին կը մասնակցին 300 մասնակիցներ` աշխարհի շուրջ 20 երկիրներէ:

Նշենք, որ յուլիս 7-էն արդէն սկսած են հայոց լեզուի արագ դասընթացները, որոնց կը մասնակցին 80 սփիւռքահայեր` աշխարհի 12 երկիրներէ, իսկ յուլիսի 14-էն` ուսուցիչներու վերապատրաստութեան դասընթացը, որուն 13 երկիրներէ կը մասնակցին  50 մանկապարտէզներու ու դպրոցներու դաստիարակներ, ուսուցիչներ, տնօրէններ, կրթական գործի կազմակերպիչներ:

Սահմանագիծին Վրայ Կատարուած Է Օրհնութիւն

0718sahmanՀայաստանի զինուած ուժերու հոգեւոր սպասաւորներու, Արցախի թեմի հոգեւորականներու եւ Պաշտպանութեան բանակի համագործակցութեամբ յունիսի երկրորդ կիսուն Արցախի թեմի քահանաները եւ բանակի դիրքապահ զօրամասերու հոգեւոր սպասաւորները այցելած են սահմանագիծ եւ շփման գիծի ամողջ երկայնքով կատարած են մարտական դիրքերու ու դիրքապահ անձնակազմերու օրհնութեան արարողութիւններ:

Հոգեւորականները աղօթքին զուգահեռ,  քաջալերանքի խօսք ուղղած են զինուորներուն` պատգամելով իրարու հանդէպ ունենալ եղբայրասիրութիւն ու ներողամտութիւն, իսկ հակառակորդին նկատմամբ` աներկիւղ մարտական բարձր ոգի:

Բանակի զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան ներքեւ գտնուող մարտական դիրքերէն մէկուն մէջ կատարուած է նաեւ նորակառոյց մատուռի օրհնութիւն:

«Կարող ենք միասին» Կարգախօսով
Հաշմանդամներու Արշաւ

0719unucefԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը կարգ մը գործընկեր կազմակերպութիւններու հետ 18 յուլիսին «Պօղոսեան» պարտէզներուն մէջ մեկնարկած է հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաները ընկերային կեանքին մէջ ներառելու հանրային արշաւը: «Կարող ենք միասին» կարգախօսը կրող արշաւին նպատակն է խթանել ընկերութեան մէջ անոնց ներառումը եւ «կրթութիւն բոլոր երեխաներուն համար» գաղափարի տարածումը Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաները` որպէս հասարակութեան լիարժէք անդամներ ընդունումը եւ անոնց դերակատարութիւն տալու կարեւորութիւնը երկրի զարգացման մէջ:

Արշաւին կը մասնակցէին աւելի քան 300 անձեր, որոնց կարգին` ներկայացուցիչներ կառավարութենէն, երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ կրթութեան ոլորտի տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններէն, ինչպէս նաեւ հաշմանդամութիւն ունեցող եւ չունեցող երեխաներ ու անոնց ծնողները: Կայացած ցուցահանդէսին ճամբով մասնակիցները ծանօթացան արշաւի գործընկեր շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու գործունէութեան ու ծառայութիւններուն, որոնք կը տրամադրուին հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներուն ու անոնց ծնողներուն:

Արշաւին բացումը կատարելով` աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու փոխնախարար Ջեմմա Բաղդասարեան կարեւոր նկատած է համայնքային առօրեայ կեանքին մէջ հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներու համարկումը, ինչպէս նաեւ համախմբուած աջակցութեան տրամադրման դերը` երեխաներուն համար կարելիութիւններ ստեղծելու առումով:

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Հենրիեթ Արենս յայտնած է. «Հայաստան ձեռնամուխ եղած է երեխաներու ընկերային պաշտպանութեան համակարգի վերակազմաւորման գործընթացին: Այս պարունակին մէջ յատկապէս կարեւոր է երաշխաւորել, որ հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներու իրաւունքները ճանչցուած եւ պահպանուած ըլլան: Մենք մեկնարկած ենք «Կարող ենք միասին» արշաւը` աջակցելու Հայաստանի կառավարութեան եւ ոլորտի այլ գործընկերներուն` ապահովելու հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներուն համար կրթութիւն ստանալու եւ համայնքներուն մէջ համարկուելու հաւասար հնարաւորութիւններ»:

Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հանրակրթութեան վարչութեան պետ Նարինէ Յովհաննիսեան ներկայացուցած է կրթութեան ոլորտի բարեփոխումները եւ մշակուած քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ` ներառական կրթութեան ոլորտին մէջ նախատեսուած փոփոխութիւնները: «Առանձնայատուկ կարիք ունեցող անձանց կրթութեան կազմակերպումը պետութեան ուշադրութեան կենտրոնում է: Այսօր 139 ներառական դպրոցներում կրթութիւն են ստանում շուրջ 2700 երեխայ, եւ այդ թիւը գնալով աճում է», յայտնած է Յովհաննիսեան:

Յատկանշական էր, որ խօսք առնողներէն իւրաքանչիւրը բեմ բարձրացած է հաշմանդամ երեխայի մը ընկերակցութեամբ` ներկաներուն փոխանցելով իր երազները:

Պաշտօնական բաժինին յաջորդած են երեխաներու համար կազմակերպուած տարբեր խաղեր եւ տիկնիկային ներկայացումներ` ծաղրածուներու, ձեռնածուներու ու հեքիաթներու հերոսներու մասնակցութեամբ, որուն աւարտին մասնակիցները թռցուցած են փուչիկներ, որոնց վրայ երեխաներուն երազները արձանագրուած են:

Հրայր Ճէպէճեան Պարգեւատրուեցաւ
«
Մայրենիի Դեսպան» Մետալով

15-07jebejian15 յուլիսին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Աստուածաշնչեան ընկերութեան Արաբական ծոցի տարածաշրջանի ընդհանուր քարտուղար, Միջին Արեւելքի Աստուածաշնչեան ընկերութեան խորհուրդի ատենապետ դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանը եւ իր կողակից, Կիպրոսի «Նիկոսիոյ համալսարանի» բանասիրութեան բաժնի դասախօս, ընկերալեզուաբան դոկտոր Արտա Պոյնէրեան- Ճէպէճեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու աշխուժացման հնարաւորութիւնները, սուրիահայերու խնդիրներու լուծման օժանդակելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ` արեւմտահայերէնի պահպանման ուղղուած խնդիրները:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեանը դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանը պարգեւատրեց «Մայրենիի դեսպան» մետալով, առ ի գնահատանք իր ազգային-միութենական-համայնքային գործունէութեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով նախարար Յակոբեանին Հրայր Ճէպէճեան շատ կարեւոր նկատեց սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը, յատկապէս` անոր դերակատարութիւնը հայրենիք-սփիւռք կապերու զարգացման իմաստով: Ան յայտնեց, որ հայրենիքէն հասած իւրաքանչիւր ազդակ ոգեւորիչ է եւ նոր ուժ ու եռանդ կու տայ սփիւռքահայութեան:

Վիկտոր Համբարձումեանի Անուան
Միջազգային Մրցանակի
Դափնեկիրներուն Անունը Յստակացած Է

0719hampartsoumianՎիկտոր Համբարձումեանի անուան 2014 թուականի միջազգային մրցանակը պիտի տրուի Ֆելիքս Ահարոնեանին եւ համատեղութեամբ` Իգոր Քարաչենցեւին ու Պրենթ Տալիին:

Յունիս 18-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիացի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեանը:

Ռադիկ Մարտիրոսեանի համաձայն, այս անգամ մրցանակին համար 7 դիմում ներկայացուած էր տարբեր երկիրներէ, որոնք, կանոնակարգին համաձայն, ուղարկուած են աշխարհի լաւագոյն գիտնականներուն` փորձաքննութեան: Մրցանակի գումարէն 250 հազար տոլարը պիտի յանձնուի Ֆելիքս Ահարոնեանին, իսկ Քարաչենցեւին եւ Տալիին` 125 հազարական տոլար: Մրցանակի յանձնման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Վիկտոր Համբարձումեանի ծննդեան օրը` 18 սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ:

Պատարան Պիտի Ունենայ Համայնքային Կեդրոն

0716badaraԼեռնային Ղարաբաղի Պատարայի (Ասկերանի շրջան) աւելի քան 850 բնակիչներ ունեցող համայնքը տարեվերջին պիտի ունենայ համայնքային կեդրոն:

Ծրագիրը կը հովանաւորէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը` Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ:

Գիւղապետարանը, բժշկական կեդրոնը, գրադարանը, համակարգչային սենեակը բնակիչներուն պիտի սպասարկեն նորակառոյց համայնքային կեդրոնէն:

Պատարան կը զատորոշուի իր գեղատեսիլ բնութեամբ ու յուշարձաններով: Համայնքի տարատեսակ հաւաքները, ինչպէս, օրինակ, ամիսներ առաջ հոն կազմակերպուած եւ բնութեան ու պատմական յուշարձաններու պահպանման նուիրուած սեմինարները արդէն տարեվերջին կրնան հիւրընկալուիլ կառուցուող համայնքային կեդրոնի հանդիսութիւններու սրահին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւն կը փոխանցէ «Հայաստան համահայկական հիմնադրամ»-ի պաշտօնական կայքը:

«Եղիցի Լոյս» Մրցանակը Ստացաւ
Լեհ Բեմադրիչ Քշիշտոֆ Զանուսին

0719zanosiՄայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ 18 յուլիսին տեղի ունեցած է «Ոսկէ ծիրան» միջազգային տարեկան շարժապատկերի փառատօնի առիթով Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ սահմանած «Եղիցի լոյս» մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն: Հայոց եկեղեցւոյ հաստատած պատուաւոր մրցանակը այս տարի շնորհուած է աշխարհահռչակ լեհ բեմադրիչ Քշիշտոֆ Զանուսիին:

Հիւրերը ողջունած է Նաթան արք. Յովհաննիսեան, այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկած է փառատօնի հիմնադիր-տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան:

Մեծարեալի կեանքին եւ գործունէութեան անդրադարձած է նաեւ Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հաստատութեան ղեկավար Դաւիթ Մուրադեանը` շեշտելով, որ Ք. Զանուսին ժամանակակից շարժապատկերի փիլիսոփաներէն է. «Մի մարդ, ով հաւատում է յաւիտենական արժէքներին եւ իր արուեստի միջոցով քարոզում դրանք»: Ան կարեւոր նկատած է նաեւ այն ջերմ եւ բարեկամական կապերը, զորս լեհ բեմադրիչը ունի Հայաստանի եւ հայ մշակոյթին հետ:

Ապա Մայր Աթոռի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ, Գէորգեան ճեմարանի տեսուչ Գէորգ եպս. Սարոյեան կարդացած է հայրապետական վկայագիրը, որմէ ետք Ամենայն Հայոց հայրապետը «Եղիցի լոյս» մրցանակը շնորհած է Զանուսիին` մշակութային եւ մարդասիրական արժէքներու քարոզչութեան եւ համաշխարհային շարժապատկերի արուեստին մէջ նշանակալի աւանդին համար:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք իր սրտի խօսքը փոխանցած է անուանի բեմադրիչը` շնորհակալութիւն յայտնելով կաթողիկոսին գնահատանքին եւ մշակոյթի, շարժապատկերի եւ հաւատքի միջեւ կամուրջներ ստեղծելուն համար: Անդրադառնալով քրիստոնէութեան համամարդկային նշանակութեան` ան նշած է, որ քրիստոնէութիւնը ներշնչանքի եւ սիրոյ աղբիւր է, անիկա ապագան է եւ ոչ թէ անցեալը,  միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ Քրիստոսի սիրոյ վարդապետութեամբ լուսաւորուած մարդը այսուհետեւ նոյնպէս պիտի շարունակէ բարիք արարելու իր կարեւոր առաքելութիւնը:

Արարողութեան աւարտին իր հայրապետական օրհնութիւնն ու խօսքը փոխանցեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:

 

Share this Article
CATEGORIES