ԷՍԻԵՆ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ

Միքայէլ Էսիեն

Չելսիի մաս կազմող ղանացի միջնապահ Միքայէլ Էսիեն նախորդ շաբաթավերջին կատարած իր փորձերուն ընթացքին վիրաւորուեցաւ, յայտնեցին Փրեմիեր լիկի կազմին պատասխանատուները:

28 տարեկան Էսիեն 2008-ին աւելի քան վեց ամիս հեռու մնացած էր ֆութպոլի դաշտերէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Ան անբախտ գտնուած էր նաեւ նախորդ տարի, երբ նոյն պատճառով բացակայած էր 2010-ի Մոնտիալէն:

Լոնտոնեան կազմը յառաջիկայ քանի մը օրերուն յայտարարութիւն մը պիտի կատարէ այն մասին, թէ Էսիեն որքա՛ն ժամանակ պիտի բացակայի դաշտերէն, երբ քննութիւնները ամբողջանան:

Այլ գետնի վրայ, Չելսի յայտարարեց, որ նիկերիացի միջազգային նախկին մարզիկ Միքայէլ Էմենալօ (46 տարեկան) նշանակուեցաւ ակումբի նոր թեքնիք տնօրէն` փոխարինելով Ռէյ Ուիլքինզը, որ լքեց Սթեմֆըրտ Պրիճը:

Share this Article
CATEGORIES