ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ. – ՔՈԼՈՄՊԻԱ – ՊՈԼԻՎԻԱ` 2-0. – ԱՅՍՕՐ` ԱՐԺԱՆԹԻՆ – ՔՈՍԹԱ ՌԻՔԱ
Արժանթինի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»ի ֆութպոլի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Քոլոմպիա եւ Պոլիվիա կատարեցին իրենց վերջին մրցումը, երբ ճակատեցան իրարու դէմ:
Քոլոմպիա 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ եւ Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը ապահովելէ ետք անցաւ յաջորդ հանգրուան (քառորդ աւարտական):
Յաղթական կազմին երկու անպատասխան կոլերը նշանակեց Ռատամել Ֆալքաօ (15-րդ եւ 29-րդ` փենալթիով):
Իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը, ինչպէս նաեւ լաւագոյն երկու երրորդ դիրքը գրաւողները կ՛ապահովեն քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը:
Այսօր կ՛աւարտին Ա. խմբակի Ա. հանգրուանի մրցումները, երբ տեղի կ՛ունենայ Արժանթին – Քոսթա Ռիքա ճակատումը:
Հիւրընկալ երկիրը, վստահ ըլլալու համար, որ ապահոված պիտի ըլլայ քառորդ աւարտականի իր տոմսը, յաղթանակի մը կարիքը ունի:
Արժանթինի մարզիչ Սերճիօ Պաթիսթա այս մրցումին համար իր կազմին մէջ կատարած է չորս փոփոխութիւն:
Բնականաբար, յաղթանակ արձանագրել չկարենալու պարագային Արժանթինի մարզիկները պիտի արժանանան իրենց համակիրներուն կողմէ արձակուած դժգոհութիւններուն եւ բացագանչութիւններուն` նախորդ մրցումներուն նման, որոնց ընթացքին խումբը արձանագրեց երկու հաւասարութիւն:
Քոսթա Ռիքայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, Պաթիսթա դաշտ պիտի ներկայացնէ հետեւեալ կազմը.
Սերճիօ Ռոմերօ – Փապլօ Զապալեթթա, Նիքոլա Պուրտիսսօ, Կապրիել Միլիթօ, Խաւիէ Զանեթթի – Ֆեռնանտօ Կակօ, Խաւիէ Մասքերանօ, Անխել Տի Մարիա – Լիոնել Մեսսի, Կոնզալօ Հիկուան եւ Սերճիօ Ակուերօ:
Ա. խմբակին դասաւորումը այժմ կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.
———————–ՄՐՑ. Յ. Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ
1.- Քոլոմպիա 3 2 1 0 3 0 7
2.- Քոսթա Ռիքա 2 1 0 1 2 1 3
3.- Արժանթին 2 0 2 0 1 1 2
4.- Պոլիվիա 3 0 1 2 1 5 1