ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԵԱՕ ՄԻՆԿ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ ԱՍՊԱՐԷԶԸ

Հիուսթըն Ռոքեթցի հետ Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերած չինացի Եաօ Մինկ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ իր արհեստավարժ ասպարէզը, հաղորդեցին ամերիկեան կարգ մը լրատու աղբիւրներ:

Վերջին տարիներուն ան շատ յաճախ վիրաւոր ըլլալով չկրցաւ իրմէ ակնկալուածը տալ, թէեւ ան միշտ կը տեսնուէր դաշտերուն վրայ:

Ան երկու Ողիմպիականներու ընթացքին (2004- Աթէնք եւ 2008- Պէյճինկ) եղած է իր երկրի հաւաքականին դրօշակակիրը բացման հանդիսութեան ընթացքին:

Ան կը նկատուի Չինաստանի ամէնէն հարուստ մարդոցմէ մէկը` նկատի ունենալով, որ պայմանագիրներ ունի ծանուցումի բազմաթիւ ընկերութիւններու հետ:

Share this Article
CATEGORIES