Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Պիտի Տեսնէ Համշէնահայերէնով Առաջին Ամսագիրը

07-23-HemsinԽումբ մը համշէնահայեր Համշէնի լեզուն եւ մշակոյթը տարածելու եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցելու նպատակով կը պատրաստուին տպագրել համշէնահայերէնով առաջին ամսագիրը Թուրքիոյ մէջ:

Պարբերականը պիտի կրէ «Գոր» (համշէնահայերէնով` կամաւոր աշխատանք) անունը: Խումբը սոյն ամսագրի հրատարակման աջակցելու կոչ ըրած է բոլոր համշէնցիներուն` հանդէս գալով «Գիրի գոր ունիք, դուք ալ թեւ ձգեցէք» (համշենահայերէն` «Գիրի մեր կամաւոր աշխատանքին դուք էլ մասնակցեցէք») կարգախօսով: Այս մասին հաղորդում է

Akunq.net-ը` վկայակոչելով թրքական «Տիջլէ» լրատուական գործակալութիւնը եւ «Էվրենսել» օրաթերթը:

Համշէնցի ուսումնասիրողներէ, գրողներէ, լրագրողներէ, երաժիշտներէ եւ ուսանողներէ բաղկացած վերոնշեալ խումբը կը փափաքի «Գոր» ամսագրի առաջին թիւը հրատարակել սեպտեմբերին: Ամսագրի 90 տոկոսը բաղկացած պիտի ըլլայ Համշէնի եւ համշէնահայութեան պատմութեան եւ մշակոյթին մասին նիւթերէ: Այս նախաձեռնութիւնը աննախընթաց երեւոյթ է Թուրքիոյ մէջ, ուր անցնող տասնամեակներուն փոքրամասնութիւններու մշակութային ազատութիւններու հանդէպ հետեւողական կաշկանդում գործադրուած է:

Share this Article
CATEGORIES