ԹՐՔԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼԸ Կ՛ԱՊՐԻ ԻՐ ՍԵՒ ՕՐԵՐԸ. ՏՐԱՊԻԶՈՆՍՓՈՐԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԵՑԱՒ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ
Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը երէկ ձերբակալեց եւ բանտարկեց Տրապիզոնսփորի նախագահ Սատրի Սեները, որ իր կարգին ամբաստանուեցաւ կաշառակերութեան յանցանքով: Նախորդ շաբաթ նոյն պատճառով ձերբակալուեցաւ նաեւ Ֆեներպահչէի նախագահ Ազիզ Եըլտըրըմ: Նշենք, որ ձերբակալուած եւ բանտարկուած են նաեւ 26 այլ անձեր:
Այս բոլորը կը կատարուին Թուրքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանին ազդանշանը տրուելէն նուազ քան մէկ ամիս առաջ:
Կը կարծուի, որ եթէ ոստիկանութիւնը փաստացի տուեալներ ունենայ, ախոյեանութեան տիտղոսը կրնայ խլուիլ Ֆեներպահչէէն:
Թրքական ոստիկանութեան համաձայն, Թուրքիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Մահմուտ Էօզկեներ Իզմիրէն Պոլիս պիտի բերուի հարցաքննութեան համար: Անոր բնակարանը կը գտնուի Իզմիրի մէջ:
Նշենք, որ բանտարկեալներուն կարգին է նաեւ Թուրքիոյ ազգային խումբի նախկին պատասխանատուներէն եւ Անգարակիւչիւ ակումբի բերդապահ Սերտար Քիւլպիլկէ: