ՎԱՐԴԱՆ ՓԻՉԱԽՉԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՇԻՐԱԿԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՄԱՐԶԻՉ

Շիրակ Գիւմրի ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ պաշտօնանկ եղած մարզիչ Սամուէլ Պետրոսեանի փոխարէն նոր գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Վարդան Փիչախչեան:

Փիչախչեան, որ նախապէս 2009-2010 տարեշրջանին եղած է խումբի մարզիչ, նախքան Պետրոսեանը փոխարինելը մարզիչն էր Շիրակ-2-ի, որ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն այժմ կը գրաւէ 2-րդ դիրքը:

Անոր օգնականները պիտի ըլլան Ֆելիքս Խոճոյեան եւ Արթուր Յովհաննիսեան, իսկ Շիրակ-2-ի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Յովհաննէս Դեմիրճեան:

 

Share this Article
CATEGORIES