ՃԱՏՐԱԿ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՂՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՉԻՆԱՍՏԱՆ

Այսօր` երեքշաբթի, 12 յուլիսին, Նինկպօ (Չինաստան) կը մեկնի Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային հաւաքականը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար աշխարհի խմբային ախոյեանութեան, որ կը սկսի 16 յուլիսին:

Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը նախորդ շաբաթավերջին Դիլիջանի մէջ աւարտեց իր վերջին պատրաստութիւնները` մարզիչ Արշակ Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ, Նինկպոյի մէջ տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելու առաջնահերթութեամբ:

Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմող վարպետներն են` Լեւոն Արոնեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Վլատիմիր Յակոբեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան:

 

Share this Article
CATEGORIES