Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պարարտ եւ իւղոտ ճաշերէ հեռու մնացէք: Այսօր պատրաստեցէք ձեր ճաշը պարզ ուտելիքներով: Մասնաւորաբար` բանջարեղէն եւ քիչ մըն ալ ձուկ: Լաւագոյնն է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ուշադիր եղէք ձեզի առաքուած պատգամներուն, մասնաւորաբար` քաղաքակրթութեան մարզին մէջ: Մի՛ տարուիք անտարբերութենէ: Հետաքրքրուեցէք շրջապատի անցուդարձերով:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ասպարէզին բերումով պիտի սկսիք նոր շրջանի մը: Պատրաստ եղէք հետեւելով եւ այս նորագոյն աշխատանքի պայմաններուն եւ պահանջին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ունեցած հմայքը պիտի մղէ ձեզ` մօտենալու անկարելի նկատուած ընկերային յարաբերութեան: Օրը պիտի առաջնորդէ ձեզ դէպի յաջողութիւն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր առողջութեան վերաբերեալ յայտագիր մը եթէ կիրարկէք, մեծ օգուտ պիտի քաղէք: Ուրեմն մի՛ տնտնաք, մի՛ յետաձգէք այս ծրագիրը, որ կարեւոր է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հետաքրքրական հանդիպում մը պիտի ունենաք անձի մը հետ, որուն հետ պիտի կապուիք ջերմ բարեկամութեամբ: Շարունակեցէք ստեղծուածը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եղանակին համեմատ նորութիւններ պիտի ունենաք: Մասնաւորաբար ամառնային եղանակի բարիքներէն պիտի օգտուիք: Պիտի ունենաք յաջող աշխատանք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օդափոխութեան պահանջ ունիք, այսօր պիտի կարենաք իրագործել ձեր այս փափաքը: Բան մը, որ կ՛որոշէք, մի՛ յետաձգէք, իրագործեցէք շուտով:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Լաւ ձեռնարկ մը պիտի բերէ նաեւ լաւ գումար մը: Այսօր պիտի կարենաք տնտեսական ձեր վիճակը բարելաւել նոր աշխատանքով մը: Շարունակեցէք այս գործը` առանց յետաձգելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ճամբորդելու ձեր փափաքը շուտով պիտի կարենաք իրագործել: Նման դրական բաղձանքներ կրնան ձեզի բախտաւոր դարձնել նիւթական իմաստով եւս:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի կարենաք ձեր առողջութիւնը փայլեցնել բնութեան հետ շփուելով: Աշխատանքը կենսական է, բայց մի՛ մոռնաք ժամանակ տրամադրելու ձեր առողջութեան:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կազմակերպեցէք պտոյտ մը` ձեր բարեկամներով եւ դրացիներով: Օրը յարմար է մտածելու այսպիսի նախաձեռնութիւններու մասին: Մտածեցէք ուրախանալու մասին, որպէսզի առողջ մնաք:

