50 Տարի Առաջ (24 Յուլիս 1964)
Լիբանանեան Մամուլ
Նախագահական Պայքարը Կը Շարունակուի
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Թերթերը Յուլիս 20-ի Ցոյցերուն Մասին
Նախագահական պայքարը կը հանդիսանայ կեդրոնը մամուլի մեկնաբանութիւններուն: «Վերանորոգման» հակառակորդները կը զօրացնեն իրենց պայքարը` աշխատելով ցոյց տալ արդարութիւնը իրենց տեսակէտներուն: Անոնք կը յայտնեն, թէ մեծամասնութիւնը երկիրը չի ներկայացներ, կ՛ամբաստանեն պետութիւնը, թէ կազմակերպած եւ մատակարարած է յուլիս 20-ի ցոյցերը, ու կը շարունակեն ըսել, թէ այժմու անորոշութիւնը վիհին եզերքը կը տանի երկիրը:
«Ժարիտա» կը պատասխանէ ասոր` դատապարտելով «դժբախտութեան մարգարէները եւ անոնց անխոստովանելի նպատակները»:
«Խորքին մէջ ի՞նչ կ՛ուզեն այս հաւատաքննիչները, կը հարցնէ թերթը: Տեսնելով ջուրի բաշխման եւ գիւղերու մէջ ելեկտրականութեան ցանցի տարածման աշխատանքները. մսխում կ՛ըլլայ, կ՛աղաղակեն: Ու երբ իրենց կ՛ըսուի, թէ պետութիւնը կը ծրագրէ եւ աշխատանքի յայտագիր մը կը պատրաստէ, կ՛ամբաստանեն, թէ իր ժամանակը կը վատնէ եւ անօգուտ կերպով դրամ կը դիզէ:
«Շատ լաւ գիտենք, թէ ի՞նչ կը ներկայացնէ արհեստավարժ քաղաքագէտներու, չարաշահներու եւ փառքի վաշխառուներու այն հաւաքածոն, որ ընդդիմութիւն կը կոչէ ինքզինք:
«Իրենց հարցուեցաւ, թէ ծրագիր մը ունի՞ն: Ծրագիրը մարդն է, պատասխանեցին անոնք: Ուստի, թող թոյլ տան մեզի աւելի եւս ամրանալու այն համոզման մէջ, թէ Ֆուատ Շեհապէն աւելի որակեալը չկայ` շարունակելու համար գործ մը, որով երկիրը կը պարծենայ:
Յուլիս 20-ի Ցոյցերուն Առիթով
«Անուար» կը յարձակի բոլոր անոնց վրայ, որոնք հարց կու տան, թէ ուրկէ՞ կու գար այն դրամը, որ ծառայեց յուլիս 20-ի ցոյցերուն կազմակերպման: Թերթը այս առթիւ կը յիշեցնէ քաղաքական այն բարքերը, որոնք ի պատուի էին այլ վարչակարգերու ներքեւ:
«Անոնք չեն կրնար երեւակայել կամ չեն ուզեր ընդունիլ, կը գրէ թերթը, թէ վարչակարգի մը հանդէպ հաստատութեան եւ օրինապահութեան ժողովրդային ցոյցեր կրնան ինքնաբուխ կերպով կազմակերպուիլ: Անոնք տակաւին իրենք զիրենք կը նկատեն այն շրջանին մէջ, երբ նկարներ կը փակցուէին բոլոր անկիւնները, որոշ գիներով: Այն շրջանին, երբ մուխթարներ եւ գայմագամներ կը կանչուէին նախագահական ապարանք` ապսպրանքի վրայ ցոյցեր կազմակերպելու հրահանգներ ստանալու համար: Այն շրջանին, երբ ղապատայիներ, ղեկավարներու օժանդակութեամբ զօրացած, իրենց օրէնքը կը պարտադրէին, կը զուարճանային եւ հացկերոյթներ կը կազմակերպէին պետութեան հաշուոյն»:
Իր կարգին, «Նիտա» «ընդդիմադիր ճակատ»-ի մէկ յայտարարութիւնը հիմ ունենալով, ուր կ՛ըսուէր, թէ` «ժողովուրդը, բացի ծախսուածներէն, պոյքոթի ենթարկեց յուլիս 20-ի տօնը», հարց կու տայ թէ ո՞ր կողմն էին ծախուածները:
Թերթը առիթէն կ՛օգտուի դատապարտելու համար «լիբանանեան հարցերու մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին, Մեծն Բրիտանիոյ եւ միջազգային ֆինանսի շրջանակներուն միջամտութիւնները»:
«Շատ լաւ ծանօթ ենք օտարի բուն գործակալներուն,- կը գրէ թերթը: – Անոնց, որոնք իրենց ամբողջ քաղաքական կեանքը անցուցած են կայսերապաշտական շահերու ծառայութեան մէջ, ի վնաս Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերուն: Անոնք, որոնք կ՛ամբաստանեն հարիւր հազարաւոր լիբանանցիները` իբրեւ ծախուածներ, ժողովուրդը պարզապէս իրենց ակնոցով կը դիտեն»:
Ի՞նչ Կը Ներկայացնէ Մեծամասնութիւնը
«Թելեկրաֆ»-ի համաձայն, մեծամասնութիւնը, որ այսօր կոչուած է արտայայտուելու Լիբանանի քաղաքական պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ընտրութիւններէն մէկուն մասին, պարզապէս համախմբում մըն է պլոքներու, որոնք իրարու միացած են անձնական շահերով եւ չեն վայելեր ազգին վստահութիւնը:
«Չենք ընդունիր, որ, կը յայտարարէ թերթը, մեր ապագան մեզի պարտադրուի երեսփոխաններու խումբի մը կողմէ, որ ո՛չ մասնաւոր ծրագիր մը ունի, ո՛չ հասարակաց սկզբունքներ, եւ որ փուճ պատճառաբանութիւններով կը զինուի իր եսասիրական նպատակներուն հասնելու համար:
«Մենք համաձայն ենք նախագահ Շեհապի եւ անոր գործին գնահատման: Սիրով կ՛ընդունինք մարդուն հայրենասիրութիւնն ու անշահախնդրութիւնը: Բայց վէճին նիւթը սահմանադրութեան փոփոխութիւնն է եւ ազգային միութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը»:
«Նահար» կը խորհրդածէ «ծածուկ մտադրութեանց» մասին մեծամասնութեան, որ այսօր կը փորձէ, արտակարգ նստաշրջանի բացումը ձեռք բերելէ ետք թոյլ չտալ, որ խորհրդարանը գումարուի` սպառնալով պոյքոթի ենթարկել նիստերը, կառավարութիւնը տապալել կամ կոչ ընել փողոցին:
«Ասիկա խորհրդարանական խաղ կ՛անուանեն,- կը գրէ թերթը:- կը յայտարարեն, թէ երեսփոխանները ազատ են ու պէտք է կարելիութիւնը ունենան ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը:
«Մեծամասնութեան երեսփոխաններուն մենք կ՛ըսենք. կա՛մ այն է, որ դուք մեծամասնութիւն մը կը կազմէք եւ ըստ այնմ գործեցէք, եւ կա՛մ դուք փոքրամասնութիւն մըն էք այլեւս, որ կ՛աշխատի յուսահատականօրէն իր տեսակէտը պարտադրել բոլոր միջոցներով:
«Տեսնելով իրենց վարմունքը,- կ՛եզրակացնէ «Նահար»,- կը տարուինք մտածելու, թէ մեծամասնութեան երեսփոխանները ի՞նչ բան կրնան խաղալ»:
Այլ յօդուածի մը մէջ նոյն թերթը կը յայտնէ, թէ այն իրողութիւնը, որ Գահիրէ չհրաւիրեց Քամել Ասատը` ներկայ ըլլալու յուլիս 23-ի տօնախմբութեանց, մտածել կու տայ, թէ խորհրդարանի նախագահը չի վայելեր եգիպտացի վարիչներուն համակրանքը: Թերթը այս առիթով կը դատապարտէ ԱՄՀ-ի դեսպանին միջամտութիւնները Լիբանանի ներքին գործերուն` ընդգծելով, որ մինչեւ հիմա չէ լսած, թէ Գահիրէի լիբանանեան դեսպանը միջամուխ եղած ըլլայ եգիպտական գործերուն:
«Զաման» կ՛ամբաստանէ մեծամասնութիւնը, թէ դիտումնաւոր կերպով տագնապ ստեղծած է եւ երկիրը կը տանի անելի մը` այնպիսի դրդապատճառներով, որոնք հայրենասիրական ոչինչ ունին:
«Այս մեծամասնութիւնը,- կը գրէ թերթը,- որ անձնական շահերով շաղախուած է, պիտի պայթի, անմիջապէս որ հանրապետութեան նոր նախագահ մը փնտռելու ըլլայ: Եթէ վերանորոգութեան ի նպաստ պայքարը կը ծառայէ մեծամասնութեան պլոքներու նպատակներուն եւ կը նպաստէ անոնց միացման, նոյնքան որոշ է, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի ունենայ իր թեկնածուն եւ իր սեփական շահերը, երբ այլեւս վերանորոգման հարց չմնայ»:

