Շոգիով Եփած Միսն Ու Բանջարեղէնը
ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ
Շատեր կը կարծեն, թէ շոգիով դանդաղ եփելը կամ ճաշի հասունացման դանդաղ ընթացքը վնասակար է: Մենք պիտի ըսենք, թէ ընդհակառա՛կը, այդ մէկը շատ աւելի առողջապահական է: Ընդեղէնները, բանջարեղէնները կամ բոյսի տեսակները դանդաղ շոգիով եփելը նախընտրելի է մասնաւորաբար դիւրամարսութեան համար, որովհետեւ անոնք մեծ քանակութեամբ բնաթել կը պարունակեն: Դանդաղ ընթացքով` շոգիով եփելը կը կակուղցնէ բնաթելը, եւ մարմինը դիւրութեամբ կ՛օգտուի անոր սնունդէն: Շոգիով դանդաղ եփելը թոյլ կու տայ, որ ուտելիքին մէջ գտնուող նշայ սննդատարրը, ինչպէս նաեւ մսեղէններուն մէջ գտնուող քոլաժեն սնունդը առաւելագոյն կերպով եւ դիւրութեամբ ընդունուին կամ իւրացուին մարմնին կողմէ:
Բոլոր բանջարեղէնները, որոնք բնաթել կը պարունակեն, ձեւով մը կը գրգռեն ստամոքսը, մասնաւորաբար դիւրազգաց ստամոքսը, հետեւաբար դանդաղ, շոգիով եփելը միշտ օգտակար է ստամոքսը խաղաղ պահելու համար: Կայ այն կարծիքը, որ ճաշը իր ամբողջական սնունդը կրնայ կորսնցնել, եթէ դանդաղ եփենք զայն: Այս ենթադրութիւնը բացարձակապէս սխալ է, հակառակն է ճիշդը: Փաստն այն է, որ խաշած գետնախնձորին մէջ գտնուող կենսանիւթ Սէ-ին քանակը շատ աւելի բարձր է, քան` հում ստեպղինի մը մէջ գտուող կենսանիւթ Սէ-ին քանակը:
Այս բոլորէն հետեւցնելով` կրնանք ըսել, որ շոգիով խաշած միսի ու բանջարեղէնի ճաշը ամէնէն հարուստ եւ օգտակար ճաշերէն մէկն է, որովհետեւ կը հասուննայ դանդաղ եւ ինքնիրմով:
Եթէ կ՛ուզենք, որ արգանակը թանձր ըլլայ, կրնանք ուտելիքը նախ եփել` զետեղելով պաղ ջուրի մէջ եւ ապա տաք ջուրի մէջ, բացի գետնախնձորէն, որովհետեւ գետնախնձորը եթէ երկար եփի, կը փճանայ կամ կը հալի:
Զգուշ պէտք է ըլլանք, որ վայրի բոյսերը, ինչպէս` մեխակը, կասիան սկիզբէն ճաշին մէջ չդնենք, որովհետեւ եթէ զանոնք երկար տեւողութեամբ եփենք, ճաշին լեղի համ կու տան:
Զանազան տեսակի ուտելիքներ իրարու հետ դանդաղ եփելով` անոնց սննդական տարրերը միասնաբար կը հասնին սննդական իրենց առաւելագոյն արժէքին, եւ մարմինը զանոնք կ՛իւրացնէ եւ կ՛ընդունի դիւրութեամբ եւ առանց որեւէ արգելքի: