Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Եգիպտոս
Իֆթար` Եգիպտացի Լրագրողներու
Եւ Մտաւորականներու Հետ
Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով, Հելիոպոլսոյ առաջնակարգ ճաշարանի մը մէջ, 24 եգիպտացի լրագրողներ եւ մտաւորականներ, գիտաշխատողներ համատեղ ռամատանեան իֆթարի սեղանի մը շուրջ համախմբուեցան շաբաթ, 19 յուլիս 2014-ի երեկոյեան:
Աւանդական դարձող այս համախմբման հրաւիրող մարմինին անունով ողջոյնի խօսքը արտասանեց տոքթ. Արմէն Մազլումեան, որ հրաւիրեց Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսանը, որ սրտամօտիկ իր խօսքով արժանացաւ սեղանակիցներուն ջերմ գնահատանքին:
Հրաւիրեալ ներկաներու շարքին էին` Էյն Շամս համալսարանին մէջ Միջինարեւելեան ուսումնասիրական կեդրոնի տնօրէն, արդի պատմութեան դասախօս դոկտ. Կամալ Ապու Շաքրա, միջազգային իրաւունքի փորձագէտ դոկտ. Այման Սալամա, «Ահրամ»-ի արտաքին բաժնի պատասխանատու խմբագիր Մոհամետ Ամին Մասրի, արդի պատմութեան դասախօս եւ եգիպտահայ տարեգրութեան մասնագէտ դոկտ. Մոհամետ Իմամ, «Ահրամ»-ի հրատարակութիւն «Սիասա տաուլիյա» եռամսեայի խմբագիր Ապու Պաքր Տեսուքի, «Վեթօ» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Էսամ Քամել, արտաքին գործոց նախարարի երկու ամերիկաներու գծով տեղակալի օգնական, Երեւանի մէջ Եգիպտոսի նախկին հիւպատոս Թարեք Միլիկի, մշակոյթի նախարարութեան գիտաշխատող եւ լրագրող Ահմետ Ֆարրան, «Ախպար», «Կումհուրիյա», «Վաթան», «Ռոզալ Եուսեֆ», «Պատիլ», «Սատա Պալատ» օրաթերթերու եւ լրագրական հաստատութիւններու, «ONTV»-ի եւ «Nile TV»-ի (մշակութային) հեռուստալիքներու, «Սոթ արապ» ռատիոկայանի ներկայացուցիչներ եւ աշխատակիցներ:
Հացկերոյթի ընթացքին կողմնակի խօսակցութիւններու ճամբով Հայոց ցեղասպանութեան դարադարձին հետ կապուած կամ անկէ անկախ համագործակցութեան նոր հորիզոններ պարզուեցան, որոնք հետագային, գործնականանալէ առաջ, պիտի հաղորդենք մեր հասարակութեան:
Նման համախմբումները կ՛օգնեն Եգիպտոսի մէջ հայոց տնտեսական, մշակութային թէ ընկերային դերակատարութիւնները լուսարձակի տակ առնելու եւ ա՛լ աւելի մանրամասնութիւններու մէջ խորանալու, նկատի ունենալով, որ հրաւիրեալ հասարակութիւնը ընթերցող եւ բանիմաց է, առաւել` նորութիւններ ընկալող:
Նոր Ջուղա
Մեծարանքի Երեկոյ` Նուիրուած
Հայ Տարեցներու Տարուան
Կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցասէր կանանց հոգեւոր լսարանի ու «Շուշանիկ» երգչախումբին, Հայ տարեցներու տարուան նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, 22 յունիսին Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած Հայ տարեցներու տարուան:
Լսարանի եւ երգչախումբի ընդհանուր պատասխանատու Վազգէն քհնյ. Քէօշկերեան շնորհաւորեց ներկայ տարեցները` շեշտելով անոնց նշանակալի դերը մեր կեանքին մէջ որպէս ապրող ու շնչող կոթողներ, որոնք անցեալն ու ներկան կ՛ապրեցնեն մեզի:
Սրտի խօսք ուղղեցին կարգ մը անձնաւորութիւններ նաեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Աւարտին, թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան շեշտեց կարեւորութիւնը Հայ տարեցներու տարուան առթիւ նման ձեռնարկներու կազմակերպման: Ան հաստատեց, որ տարեցները մեր սրբութիւններն են, եւ մեր պարտականութիւնն է մտածել անոնց մասին, մեծարել, յարգել եւ մանաւանդ լսել անոնց խրատները եւ օգտուիլ անոնց փորձառութիւններէն:
Թեհրան
Եպիսկոպոսական Հանդիսաւոր Պատարագ Եւ
Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Թեհրան-Երեւան
օդանաւի Զոհերու Մահուան 5-րդ Տարելիցին Առիթով
Թեհրան-Երեւան օդանաւի արկածի 5-րդ տարելիցին առիթով, 18 յուլիսին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ 15 յուլիս 2009-ի Թեհրան-Երեւան օդանաւի արկածի զոհերուն:
Աւարտին, Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ ընդունելութիւն:
Միացեալ Նահանգներ
Քրիս Պոհճալեանի Նորագոյն Գիրքին
Ներկայացումը
Յուլիս 13-ին, Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ամերիկահայ հանրայայտ գրող Քրիս Պոհճալեանի «Փակէ՛ աչքերդ, բռնէ ձեռքերը» գիրքին ներկայացումը:
Բացման խօսքը կատարեց Անի Չաղլասեան, որ հրաւիրեց Անուշաւան եպս. Դանիէլեանը` արտասանելու իր խօսքը: Սրբազանը հայկական սովորութեամբ գինիով օծեց նոր գիրքը` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ գրագէտին, որ կ՛ապրի Ամերիկայի Վերմոնթ նահանգը:
Պոհճալեանի վերոյիշեալ գիրքը պատմութիւնն է մեծ աղէտի մը պատճառով արկածախնդրութեան: Նիւթը պատմութիւնն է անտուն աղջնակի մը` Էմիլի Շեփըրտի, որ կը բնակի շատ տխուր պայմաններու մէջ: Վերմոնթի մէջ հիւլէական կայանի մը սառեցման վտանգը պատճառ կ՛ըլլայ, որ Էմիլին կորսնցնէ իր հայրն ու մայրը: Հայրը պատասխանատուն էր այդ կայանին, եւ կ՛ենթադրուի, թէ անոր անհոգութեան որպէս արդիւնք էր տեղի ունեցած այդ աղէտը: Հազարաւոր մարդիկ կը ստիպուին հեռանալու այդ շրջաններէն ու իրենց բնակարաններէն: Գետեր կը թունաւորուէին եւ անտառներ կ՛ամայանային: Էմիլի այս տեսարանին դիմաց կը զգար, թէ Ամերիկայի ամէնէն ատելի մարդուն դուստրն էր արդէն: Ան կը հեռանայ իր ամէնօրեայ ընկերային կեանքէն եւ կ՛ուզէ այլեւս դառնալ ուրիշ անձնաւորութիւն մը, մոռնալ իր ինքնութիւնը: Իր նախասիրած բանաստեղծուհիէն` Էմիլի Տիքընսընէն ներշնչուելով` ուժ կ՛առնէր անկէ: Կը գտնէ իրեն նման անտունի երիտասարդ մը` Քամերոն անունով, որուն կու տայ ամէն խնամք եւ կը ցուցաբերէ ամէն գուրգուրանք: Բայց այս ամէնով հանդերձ, չի կրնար իրականութենէն խուսափիլ` իր անցեալի կեանքը տակաւին ամրօրէն իր ներաշխարհին կը տիրապետէ:
Հեղինակը կարդաց իր գիրքէն բաժիններ:
Քրիս Պոհճալեան այս գիրքը ձօնած է Ճենի Ճեքսընին եւ Խաչիկ Մուրատեանին, որուն հետ յուլիսի աւարտին պիտի այցելէ Արեւմտեան Հայաստան` հաւաքելու նոր նիւթեր Ցեղասպանութեան դարադարձին հրատարակելիք գիրքին համար:
Անիի Աւերակներուն Նուիրուած
Դասախօսութիւն
Յուլիս 6-ին Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Քրեսենթա հովիտի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ամսական հերթական դասախօսութիւնը` նուիրուած հայոց մայրաքաղաքներէն Անիին, հայ ճարտապետներու սլացիկ միտքի եւ հանճարի արգասիքը եղող ճարտարապետական կոթողներուն եւ հզօր կառոյցներու աւերակներուն:
Դաստիարակչական յանձնախումբին անունով տոքթ. Զարմինէ Նագգաշեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան դասախօս Միսաք Քէլէշեանի կեանքն ու գործունէութիւնը` դրուատելով անոր արժէքաւոր հետազօտութիւնները` անյայտ մնացած պատմութիւններու եւ թաքուն մարդասիրական ծառայութիւններու բացայայտման մարզերէն ներս:
Դասախօսութեան սկիզբը Քէլէշեան յայտնեց, որ թէեւ Անին շատ սիրելի է հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար, սակայն դժբախտաբար անոնցմէ շատերը քիչ բան գիտեն այս ճոխ թանգարանին մասին, որ վկան է հայոց փառաւոր ու հազարամեայ անցեալին: Ան անդրադարձաւ Անիի միջնաբերդի Աշոտեան եւ Սմբատեան զոյգ պարիսպներուն, ջրամատակարարման համակարգին, Անիի փողոցներուն, Մայր տաճար Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բացառիկ ճարտարապետութեան, Անիի տարբեր եկեղեցիներու ճարտարապետական իւրայատկութիւններուն վրայ:
Ազգ. Առաջնորդարանը Լոյս Ընծայեց
«Ձօն Հայ Մայրերու» Հատորը
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ Արամ Ա. հայրապետի 2013 տարին հայ մօր նուիրելուն առիթով, Ազգային Առաջնորդարանը հրատարակեց «Ձօն հայ մօր» խորագիրը կրող գիրքը:
104 մեծադիր էջերով այս հատորը գեղարուեստական գրութիւններու հաւաքածոյ մըն է` մէկտեղուած բազմավաստակ դաստիարակ Սարգիս Փանոսեանի կողմէ: Ան հաւաքած է հայ մօր նուիրուած բանաստեղծութիւններ եւ արձակ էջեր, որոնք մաս կը կազմեն մեր նորագոյն շրջանի գրականութեան գանձարանին, եւ որոնցմէ մաս մը երգի վերածուած է: Գրական պատառիկներուն կողքին, Ս. Փանոսեան կենսագրական սեղմ տեղեկութիւններ արձանագրած է ծանօթ ու երբեմն ալ շուքի մէջ մնացած հեղինակներուն մասին, որոնց լուսանկարները կ՛ընկերանան կենսագրութիւններուն: Հատորին մէջ տեղ գտած է թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին խօսքը, ուր գնահատած է Փանոսեանին դաստիարակի վաստակը եւ այս հատորի նիւթերուն մէկտեղումը: «Փոխան յառաջաբանի» խորագրեալ սրտի խօսք մը ունի Ս. Փանոսեան, որ գրութեան ընկերացուցած է իր մօր հետ լուսանկար մը:
Սուրբ Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ
Բարեզարդման Ձեռնարկ
Յունիս 22-ին, Աբօ եւ Նորա Թաշճեան ամոլին բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-հանգանակութեան երեկոյ Սուրբ Կարապետ մայր եկեղեցւոյ բարեզարդման համար:
Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն քհնյ. Վասիլեան ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` իրենց ներկայութեան, նուիրումին ու աջակցութեան համար:
Հիւրընկալ ընտանիքի դուստրը` Լոռի Թաշճեան խօսք առնելով արժեւորեց օրուան խորհուրդը եւ իր ընտանիքին անունով հայ եկեղեցւոյ, դպրոցին ու գաղութին յարատեւ զօրակցելու եւ քաջալերելու խոստում տուաւ:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան իր պատգամին մէջ գնահատեց ու արժեւորեց հիւրընկալ ընտանիքին գիտակից ու առատաձեռն կեցուածքը, բարձր գնահատեց նաեւ եկեղեցւոյ հովիւին առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ պատկան մարմիններուն եւ յանձնախումբին տարած ժրաջան աշխատանքը, ինչպէս նաեւ յարատեւութիւն, ուժ եւ կամք մաղթեց իրենց յառաջիկայ գործունէութեան համար:
Երեկոյի ընթացքին հանգանակուեցաւ շուրջ 90 հազար տոլար:
Ջաւախքի Մեծանուն Զաւակներուն Նուիրուած
Գրական Երեկոյ
Յուլիս 3-ին Կլենտէյլի Հանրային գրադարանի մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ: Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան վարչութեան նորընտիր նախագահ, բանաստեղծ, «Կամարակ» թերթի խմբագիր Յակոբ Մկրտչեան ներկայացուց միութեան գործունէութեան յառաջիկայ ծրագիրները: Ան նաեւ կարդաց վարչութեան ողջոյնի խօսքը` Հայաստանի Գրողներու միութեան հիմնադրման 80-ամեակի կապակցութեամբ:
Յակոբ Մկրտչեանը ժողովին ներկայացուց վարչութեան նոր, յատուկ որոշումը, որ կը միտէր տէր կանգնիլ մեր արժէքներուն եւ արժանիօրէն գնահատել մեր գրական անհատականութիւնները: Արդ, վարչութիւնը նկատի ունենալով Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան հիմնադիր անդամներիէն անուանի բանաստեղծ եւ հմուտ գրականագէտ Գէորգ Քրիստինեանի գրական ծանրակշիռ վաստակը եւ անոր գործօն մասնակցութիւնը գրական ձեռնարկներուն` որոշեց անոր շնորհել յատուկ կարգավիճակ` «ՔՀԳ միութեան պատուաւոր նախագահ»:
Միութեան ժողովը ընդունեց վարչութեան որոշումը:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Քանատա
ՀՅԴ Քանատայի Պատանեկան Միութեան
Անդամները Մեկնեցան Հայաստան
Յուլիս 15-ին ՀՅԴ Քանատայի Պատանեկան միութեան անդամ 23 պատանիներ եւ 6 վարիչներ Թորոնթոյէն մեկնեցան Հայաստան` երկու շաբաթներու վրայ երկարող իրենց տարեկան շրջապտոյտը կատարելու:
Շրջապտոյտի ընթացքին պատանիները պիտի այցելեն Հայաստանի պատմական տեսարժան վայրերը, ինչպէս նաեւ երեք օր պիտի անցընեն Արցախի մէջ:
Յայտնենք, որ ՀՅԴ Քանատայի Պատանեկան միութիւնը կը գործէ 1956-էն ի վեր: Միութիւնը մասնաճիւղեր ունի Մոնթրէալի, Թորոնթոյի, Լաւալի, Քեմպրիճի, Համիլթընի, Ս. Քաթրինզի եւ Վանգուվըրի մէջ:
Վրաստան
Հայաստանի Պաշտօնական Պատուիրակութիւնը
Ազգային Ժողովի Նախագահի Գլխաւորութեամբ
Այցելեց Թիֆլիսի Հայոց Եկեղեցիներ Եւ Խոջեվանքի Պանթէոն
Յուլիս 14-ին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Յովհաննէս Մանուկեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարդան Այվազեան, Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավար Հրայր Թովմասեան այցելեցին Թիֆլիսի Ս. Գէորգ եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցան վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի կողմէ: Ան տեղեկութիւններ փոխանցեց եկեղեցւոյ մասին եւ ներկայացուց վերանորոգման աշխատանքները: Պատուիրակութեան անդամները ծաղկեպսակներ զետեղեցին եկեղեցւոյ բակին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին դիմաց:
Այնուհետև անոնք այցելեցին Ս. Էջմիածին եկեղեցի, որմէ ետք «Հայարտուն» կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեդրոնին մէջ, վիրահայոց թեմի մշակոյթի բաժնի տնօրէն եւ «Հայարտուն»-ի ղեկավար Լեւոն Չիդիլեան ներկայացուց կեդրոնին գործունէութիւնը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում Թիֆլիսի Հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ հանգչող ազգայիններու յիշատակին: