Հայ Կաթողիկէ Հաղորդակցութեան Միջոցների 2-րդ Համագումարի Մասնակիցները Այցելեցին Նախարար Յակոբեանին

07-17gatoghige-(2)Յուլիս 17-ին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Հայ կաթողիկէ հաղորդակցութեան միջոցներու 2-րդ համագումարին մասնակիցները:

Նախարարը ուրախութեամբ նշեց, որ Հայ կաթողիկէ հաղորդակցութեան միջոցներու եռօրեայ համագումարին զեկուցումներուն եւ քննարկումներուն միջոցով ներկայացուեցաւ Հայ եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ գործող եկեղեցական լրատուամիջոցներու գործունէութիւնը:

Բարձր գնահատելով Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանին ծաւալած հայագիտական, հոգեւոր, ստեղծագործական գործունէութիւնը եւ տասնամեակներու վաստակը` նախարարը նշեց. «Այս բոլոր ոլորտներուն մէջ բերելով ձեր հսկայական ներդրումը, դուք կրցած էք նաեւ զբաղիլ  խմբագրական գործունէութեամբ: Հպարտ եմ, որ ճանչցած եմ ձեզ եւ ձեր ժամանակակիցն եմ»:

Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով պարգեւատրուած Հայ Կաթողիկէ  Զմմառի պատրիարքական միաբանութեան անդամ Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանին յանձնուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» մետալը` հայ մշակոյթի, գրականութեան ու կրթութեան բնագաւառներուն մէջ ունեցած ստեղծագործական ակնառու նուաճումներուն համար:

Շնորհակալութիւն յայտնելով պետական մրցանակ ստանալու համար` Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան յաջողութիւն մաղթեց սփիւռքի նախարարութեան իր բոլոր նախաձեռնութիւններուն եւ ծրագիրներուն մէջ:

Արժեւորելով Հայաստանի եւ  սփիւռքի միջեւ կապերու ամրապնդման գծով ունեցած մեծ ներդրումը, նաեւ սփիւռքի մէջ մատաղ սերունդի, երիտասարդութեան ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան ասպարէզին մէջ ձեռք բերած յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատելով ծաւալած ազգային հասարակական գործունէութիւնը` նախարար Հրանուշ Յակոբեան Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաղորդամիջոցներու պատրիարքական յանձնախումբի նախագահ, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Ռուսիոյ, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանը պարգեւատրեց սփիւռքի նախարարութեան ոսկի մետալով:

«Սուրիոյ պատերազմին իբրեւ հետեւանք տուժած հազարաւոր սուրիահայերուն օգնելու նպատակով դուք բացիք Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դռները բոլոր կարիքաւորներուն առջեւ: Կ՛օգնէք նաեւ Հայաստանի մարզերու կարիքաւոր բնակչութեան եւ այդ բոլորը կ՛ընէք համեստութեամբ: Դուք մեր նախարարութեան լաւագոյն բարեկամն  ու սիւներէն էք», ըսաւ սփիւռքի նախարարը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւին արժանանալու համար` Ռաֆայէլ արք. Մինասեան նշեց, որ պարգեւը կ’ընդունի իբրեւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ գործունէութեան նկատմամբ ցուցաբերուած գնահատանք:

Հայապահպանութեան ոլորտին մէջ մայրենի լեզուի պահպանման ու զարգացման գործին մէջ ցուցաբերած նուիրումին, մեծ ջանքերուն, սփիւռքահայ երիտասարդներու հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան առումով ունեցած մեծ աւանդին համար նախարար Հ. Յակոբեան նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով պարգեւատրեց Միացեալ Նահանգներ բնակող հայագէտ, դոկտ. Հրանդ Աճեմեանը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով պարգեւին համար` 8 գիրքի հեղինակ («Հայ յուշարձանների հրաշակերտ ուժը» (Թեհրան), «Յուշամատեան Կենտրոնական վարժարանի 100-ամեակի» (Փարիզ), «Խաչատուր Աբովեան եւ արեւելահայ գրական վերածնունդ« (Անթիլիաս) եւ այլն) դոկտոր Աճեմեան նշեց, որ այս գնահատանքը նաեւ պարտաւորեցնող է հայագիտական աշխատանքները նոր ոգիով շարունակելու համար:

Բարձր գնահատելով Սարգիս Նաճարեանի լրագրողական, հասարակական եւ ազգային բեղուն գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատելով անոր դերակատարութիւնը Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման, սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման առումով` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան լիբանանահայ հասարակական գործիչ, «Մասիս» ամսագիրի խմբագիր եւ պատասխանատու տնօրէն Սարգիս Նաճարեանը պարգեւատրեց «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով:

«2012¬ին Պէյրութի մէջ նշած էք ձեր լրագրողական գործունէութեան կէս դարը, որ մասամբ ամփոփուած է նաեւ ձեր «Դէմ առ դէմ» ստուար հատորին մէջ: Անիկա հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ ձեր ունեցած ուշագրաւ հանդիպումներուն նկարագրութիւններուն մէկ մասն է: Կը յիշեմ, որ սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրութենէն ետք դուք առաջինն էիք, որ հարցազրոյց ըրիք ինծի հետ», յայտնեց սփիւռքի նախարարը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով պարգեւին համար` Ս. Նաճարեան ըսաւ. «Ուշադրութեամբ հետեւելով նախարարութեան գործունէութեան եւ յատկապէս «Արի տուն» ծրագիրին` վստահաբար կրնամ ըսել, որ ասկէ աւելի քան հինգ տարի առաջ ձեր կողմէ տրուած հարցազրոյցին մէջ նշած բոլոր ծրագիրները իրականութիւն դարձած են եւ կը շարունակուին ընդարձակուիլ: Նախարարութեան ստեղծումէն ետք սփիւռքի մէջ ապրողներուս համար ճանաչելի դարձան այնպիսի վաստակաւոր, տաղանդաշատ գործիչներ, զորս մինչ այդ չէինք ճանչնար: Կը կարծեմ, թէ ասիկա մեծագոյն հանրագումարն է այն բոլոր ծրագիրներուն, զորս իրականացուցած էք դուք»:

Նախարարը Հայ կաթողիկէ հաղորդակցութեան միջոցներու 2-րդ համագումարի մասնակից բոլոր լրագրողները հրաւիրեց մասնակցելու սեպտեմբերին կայանալիք «Հայոց ցեղասպանութիւն 100. ճանաչումէն պահանջատիրութիւն» խորագիրով լրագրողներու համահայկական 7-րդ համաժողովին:

Share this Article
CATEGORIES