ԼՕԽ-ի 55-րդ Պատգամաւորական Ժողովը Աւարտեցաւ Նոր Նուաճումներու Տեսիլքով
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի 55-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 11-13 յուլիս 2014-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ 26 մասնաճիւղերէ ընտրուած 78 պատգամաւորներու:
Ժողովին ներկայ եղաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ հալէպահայ Զեփիւռ Ռէյիսեան:
Ժողովը կը վայելէր հովանաւորութիւնը ԼՕԽ-ի ընթացաւարտ վարչութեան:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը կատարեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարալ Յովհաննէսեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ընդգծեց ԼՕԽ-ի դերակատարութիւնը լիբանանահայ կեանքին մէջ` իբրեւ կնոջական բարեսիրական մեծ ընտանիքի ներդրում, օժանդակութեամբ նուիրեալ ընկերուհիներու, որոնք կամաւոր ծառայութեամբ տարուէ տարի նոր նուաճումներով կը յառաջանան ազգային գիտակցութեամբ, կարիքաւորներու օգնութեան հասնելու իրագործումներով:
Ժողովը ունեցաւ իր ընթացքը` ընտրելով երկու նախագահ եւ երեք քարտուղար: Հետեւելով ԼՕԽ-ի կանոնագրային գործելակերպին, ժողովին հրաւիրուեցան ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը քաջալերող ազգայիններ եւ հայուհիներ` մեր կառոյցներէն: Ժողովին իր ներկայութիւնը բերաւ ՀՅ դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը:
Իւրաքանչիւր ընկերուհի իր սեղանին վրայ ունեցաւ իր անուան տրամադրուած կրծքանշաններ, յատուկ թղթածրար` իր կարծիքները արձանագրելու: Այս կապակցութեամբ Շրջանային վարչութեան գործունէութեան ընդարձակ տեղեկագիրը` գիրքի ծաւալով: Այս տեղեկագիրը նախօրօք տրամադրուած էր իւրաքանչիւր մասնաճիւղի պատգամաւորներուն, որոնք կարդալէ ետք վարչութեան երկամեայ գործունէութեան պատկերին փոխանցածը, պատրաստ եկած էին իրենց գնահատանքը, մատնանշումները եւ թելադրանքները ներկայացնելու: Այս իրագործումը եղաւ ժամանակի կարեւոր խնայողութիւն:
Հետաքրքրութեամբ շարունակուեցաւ ԼՕԽ-ի գերագոյն ժողովը, ջերմ եւ տագնապալի հարցերու արծարծումով` տեսակէտներու բախումներով եւ ապա զանոնք բիւրեղացնելով` ամենայն գիտակցութեամբ:
ԼՕԽ-ի 85-ամեակն է այս տարի, հետեւաբար շեշտուեցաւ անցնող տարիներու իրագործումներու եւ ներկայի յառաջընթացը: ԼՕԽ-ը միայն կարիքաւոր աշակերտին, ուսանողին օգնութեան ձեռք երկարող միութիւնը չէ, այլ հայակերտումի, մեր մայրերուն եւ քոյրերուն ընտանեկան հայաբոյր մթնոլորտը ծաղկեցնելու, հայ մշակոյթին, Հայաստան հայրենիքին, Արցախին օժանդակողն է կարելիութեան սահմանին մէջ: Մեր ծերունիներուն եւ հիւանդներուն դժուարութիւնները հարթողն է ան, «Պնակ մը կերակուր» հրամցնող գթառատ մայրն է ԼՕԽ-ը, վկայ` «Տեքերմենճեան» խոհանոցը եւ անոր կողքին ծերունիներու ժամանցի վայր մը տրամադրած հիւրընկալը: Այս ամէնուն առընթեր, հայ կնոջ ձեռային արուեստին պահապանը եւ հայ կնոջ մատներուն եւ աչքերուն լոյսին ՀՈՒՆԱՐը նոր սերունդին փոխանցող, մեր գաւառական ձեռագործները կորուստէ փրկողն է ան:
Չենք ուզեր բարեգործութեան շարքը երկարել, մեր ժողովուրդը գիտէ, թէ ի՛նչ մեծ օժանդակութիւն ունեցած է ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը` իր տարբեր մարզի եւ ոլորտի առողջապահական-գիտական եւ բուժական բաժանմունքներով, ռատիօ-շողանկարումներու, ատամնաբուժական, դեղորայքի մատակարարման բաժինով, բժիշկներու եւ բուժական բաժիններու մասնագէտներով, հիւանդապահական խնամատարութեամբ եւ մասամբ նորին: Այս ամէնուն վերաբերեալ քննարկումներ իրագործեց ժողովը` յիշելով ԼՕԽ-ին ծառայած եւ այժմ ԼՕԽ-էն յաւէտ բաժնուած ընկերուհիները, յոտնկայս յարգանքով:
Ժողովրդավարական գործընթացին հետեւելով, բանաձեւերու, արխիւային, նոր վարչութիւն ընտրելու թեկնածուներու ընտրութիւնը օրինապահութեամբ կատարելու քուէախոյզ յանձնախումբերու ներկայացուցած իրագործումները լսեց ժողովը եւ արձանագրեց յոյժ գնահատանք, ինչ որ ընկալուեցաւ ներկաներուն ջերմ ծափահարութեամբ:
Օրինակելի ժողով մը եղաւ այս եւս: Աւարտին խօսքեր արտասանեցին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Զեփիւռ Ռէյիսեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան, որոնց իրենց գոհունակութեան եւ քաջալերանքի խօսքերով գնահատեցին տարուած աշխատանքը եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեցին:
Յառաջիկայ երկու տարիներու համար ընտրուեցաւ նոր վարչութիւն` հետեւեալ կազմով.
Թալին Գլպաշեան (ատենապետուհի), Սիրուն Վարդապետեան, Ազատ Սարգիսեան, Սանդուխտ Հերկելեան, Իսկուհի Գափլանեան (ատենադպրուհի), Մարօ Սալխանեան, Սօսի Արամեան, Լիլիան Օրտողլեան, Այտա Խոստիկեան, Սիլվա Գարակէօզեան, Վարդուհի Տեվելեան:
Փոխանդամներ ընտրուեցան`
Սալբի Աննայեան, Հուրի Պաճիկեան, Սեւան Ադամեան:
Յաջողութիւն` մեր նուիրեալ, կամաւոր հայուհիներուն:

