Թուրքիոյ Տնտեսութեան Նախարարը Կոչ Կ՛ուղղէ Իսրայէլեան Ընկերութիւնները Պոյքոթի Ենթարկելու

Նիհաթ Զէյպեքճի
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճի կոչ ուղղած է պոյքոթի ենթարկելու իսրայէլեան այն ընկերութիւնները, որոնք կ՛աջակցին Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումին:
Ըստ անոր, Իսրայէլի մէջ կան այնպիսի ընկերութիւններ, որոնք չեն աջակցիր Կազայի մէջ զինուորական ներխուժումին, եւ անոնց նկատմամբ պոյքոթ կիրարկելը ճիշդ պիտի չըլլայ: Ուստի նախարարը կ՛առաջարկէ պոյքոթի ենթարկել այն ընկերութիւնները, որոնք այս կամ այն ձեւով կ՛առնչուին Կազայի իրադարձութիւններուն:
Նախապէս իսրայէլեան ընկերութիւնները պոյքոթի ենթարկելու առաջարկ կատարած էին նաեւ թրքական հասարակական կազմակերպութիւնները:
Երեքշաբթի օր Թուրքիան դադրեցուց դէպի Իսրայէլ բոլոր թռիչքները` պատճառաբանելով, որ շրջանը անկայուն է եւ վտանգաւոր:
Այդպիսի քայլի դիմած են նաեւ եւրոպական եւ ամերիկեան շարք մը օդանաւային ընկերութիւններ:

