Եւրոպական Միութիւնը Մինչեւ 24 Նոյեմբեր Կ՛երկարաձգէ Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներու Դադրեցումը
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ` յղում կատարելով Եւրոպական խորհուրդի մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ խորհուրդը մինչեւ 24 նոյեմբեր երկարաձգած է Իրանի դէմ Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներու գործադրութեան դադրեցումը:
24 նոյեմբեր 2013-ին Իրանի եւ Վեցեակի (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Գերմանիա) ներկայացուցիչները Ժընեւի մէջ ստորագրած էին վեց ամսուան միջանկեալ համաձայնագիր մը, որ հաստատած էր Իրանի խաղաղ հիւլէական ուժանիւթ օգտագործելու իրաւունքը:
Կողմերը ընդգծած էին Թեհրանի մօտ հիւլէական զէնք ստեղծելու մտադրութեան բացակայութիւնը եւ նախատեսած իւրանիոմի հարստացման կրճատումը` հանգրուան առ հանգրուան:
Միւս կողմէ, «Փրես Թի.Վի.» հաղորդեց, որ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ բանակցութեանց նոր հանգրուանը պիտի սկսի 1 սեպտեմբերին:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարզիա Աֆհամ յայտարարած է. «1 սեպտեմբերը նշանակուած է այդ լրացուցիչ ժամանակաշրջանի ընթացքին բանակցութիւններու առաջին հանգրուանը սկսելու համար»:
Ան աւելցուցած է, որ այդ հանդիպումին պիտի նախորդեն կողմերու փորձագէտներու մակարդակով խորհրդակցութիւնները:

