Թուրքիոյ Մէջ Յաւելեալ 50 Ոստիկաններ Ձերբակալուած Են

23-07Turkey«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ առնուազն 100 բարձրաստիճան ոստիկան ձերբակալուած է: Մէկ օր առաջ 67 ոստիկաններ ձերբակալուած էին:

Կը նշուի, որ ձերբակալուած ոստիկաններուն շարքին կան նախկին եւ գործող պաշտօնեաներ, որոնք կը կասկածուին պետական պաշտօնեաներու ապօրինի գաղտնալսման համար: Վերջիններուս շարքին է նաեւ երկրի վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:

Իրաւապահներուն մեծ մասը ձերբակալուած է Պոլսոյ մէջ: Ինչպէս նաեւ` Անգարայի եւ Իզմիրի մէջ: Այդպիսի որոշում տրուած է նախկին դաշնակիցներ Էրտողանի եւ Ֆեթհուլլա Կիւլենի ճակատումին ենթահողին վրայ:

Այդ գաղտնալսումներէն յայտնի դարձած էր, որ Թուրքիոյ վարչապետն ու անոր մերձաւոր շրջապատը ներգրաւուած են փտածութեան գայթակղութեան մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES