Աւելի Քան 40 Զոհ` Թայուանական Օդանաւի Մը Ջախջախման Պատճառով

23-07otanavԹայուանցի պատասխանատուներ յայտարարեցին, որ երէկ օդանաւի ջախջախման արկածի մը պատճառով աւելի քան 40 ուղեւորներ մահացան: Անոնք յստակացուցին, որ օդանաւը կը փոխադրէր 58 հոգի, որոնցմէ 4-ը` անձնակազմէն:

Թայուանի օդանաւորդութեան վարչութեան պատասխանատուն յայտարարեց, որ շատ հաւանաբար 51 հոգի մեռած է, իսկ 7 հոգի վիրաւորուած: Սակայն քաղաքացիական պաշտպանութեան պատասխանատուներէն մէկը ընդգծեց, որ զոհերուն թիւը 45 հոգի է:

Share this Article
CATEGORIES