Ռուսամէտ Զինեալները Ուքրանական 2 Պատերազմական Օդանաւեր Վար Առած Են

23-07DonetskՈւքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր մը յայտնեց, որ ռուսամէտ զինեալները երէկ Ռուսիոյ սահմանին մօտ գտնուող Սաուր-Մոկլիոյ մէջ վար առած են ուքրանական բանակին պատկանող երկու «Սու-25» տիպի պատերազմական օդանաւեր:

Սաուր-Մոկլիա կը գտնուի 20 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ Թորեզէն, ուր անցեալ հինգշաբթի ջախջախուած էր մալեզիական քաղաքային օդանաւը:

Բանբերը յայտնեց, որ ուքրանական բանակը ջախջախման վայր ուղարկած է խմբակ մը` հետաքննելու համար երկու օդանաւերուն վար առնուելուն պարագաները:

Միւս կողմէ, «Ինթըրֆաքս», յղում կատարելով Տոնեցքի առողջապահութեան վարչութեան, հաղորդեց, որ վերջին չորս ամսուան ընթացքին Տոնեցքի մէջ զինուորական գործողութիւններուն պատճառով արձանագրուած է 432 զոհ, որոնցմէ 36-ը` կին, իսկ 6-ը` երեխայ: Վիրաւորներուն թիւը 1015 է:

2 յուլիսին Տոնեցքի իշխանութիւնները յայտարարած էին, որ զոհերուն թիւը 279 է:

ԵԱՀԿ-ը 19 յուլիսին զեկուցած էր, որ Լուկանսքի մէջ ամրան սկիզբէն ի վեր արձանագրուած զոհերուն թիւը 250 է, իսկ վիրաւորներունը` աւելի քան 850:

Share this Article
CATEGORIES