«Մոսկուան «Լրացուցիչ Գին» Պիտի Վճարէ, Եթէ Չդադրի Աջակցիլ Ուքրանիոյ Մէջ Կռուող Անջատողականներուն» Կ՛ըսէ Օպամա

Օպամա եւ Ռութէ

Օպամա եւ Ռութէ

«Lenta.ru»` յղում կատարելով Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութէի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Եւրոպային կոչ ուղղած է խստացնելու Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները` ընդգծելով, որ Մոսկուան «լրացուցիչ գին» պիտի վճարէ, եթէ չդադրի աջակցիլ Ուքրանիոյ մէջ կռուող ռուսամէտներուն:

Օպամա ողջունած է Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը` լրացուցիչ պատժամիջոցներ սահմանելու անոնց դէմ, որոնք «կ՛ապակայունացնեն Ուքրանիոյ մէջ իրավիճակը»: Ան նաեւ սպառնացած է խստացնել պատժամիջոցները Ռուսիոյ դէմ, եթէ ան հրաժարի ազդել զինեալներուն վրայ:

«Նախագահն ու վարչապետը իրենց անհանգստութիւնը յայտնած են այն ակնյայտ փաստերուն, առնչութեամբ ըստ որոնց, Ռուսիան կը շարունակէ զինել ապստամբները` միեւնոյն ժամանակ շարունակելով աւելցնել սեփական զինեալ ուժերը», նշուած է Սպիտակ տան մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES