Պաղեստինեան Դիմադրութիւնը Իսրայէլեան Ներթափանցման Փորձերը Կը Դիմակայէ
Բախումները կը շարունակուին պաղեստինեան դիմադրութեան եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ, որոնք փորձեցին ներթափանցել Կազա:
Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին, որ Ժապալիայի արեւելքը գտնուող ճարտարարուեստական շրջանին մօտ իսրայէլեան մասնայատուկ ուժերու դէմ ականներ պայթեցուցած են` անոնց շարքերուն մէջ պատճառելով զոհեր ու վիրաւորներ: Նոյնպիսի բախումներ տեղի ունեցան Խան Եունեսի արեւելքը:
Իսրայէլեան բանակը խոստովանեցաւ, որ չորեքշաբթի արշալոյսին կորսնցուցած է երկու զինուոր, որոնցմէ մէկը զրահապատ մեքենաներու ուժերուն մէջ գնդապետ մըն է: Այդպիսով, իսրայէլեան բանակը խոստովանած եղաւ, որ Կազայի դէմ իր յարձակումին սկսելէն ետք 30 զոհեր ունեցած է:
Սարայա Քուտս խմբաւորումը իր կարգին յայտարարեց, որ հրասանդէ արձակուած հրթիռներով հարուածած է Պէյթ Լահիայի մէջ ներթափանցած իսրայէլեան ուժ մը:
Քասսամի փաղանգները երէկ նաեւ յայտարարեցին, որ իրենց մարտիկները Տէյր Պալահի մէջ ցամաք-օդ հրթիռով մը վար առած են «Էֆ-16» տիպի պատերազմական օդանաւ մը:
Միւս կողմէ, Միջազգային կարմիր խաչի բանբեր Սեսիլիա Կուէյն երէկ յայտարարեց, որ Իսրայէլի եւ Համասի հետ Շուժահիյա թաղամասին եւ Խուզահա շրջանին մէջ զինադադար հաստատելու համար համակարգում կատարուած է, որպէսզի հիւանդատար մեքենաները կարելիութիւնը ունենան շրջան մուտք գործելով վիրաւորները փոխադրել: Նշենք, որ նշեալ շրջանը Իսրայէլի կողմէ բուռն ռմբակոծման կ՛ենթարկուի:
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ Մարդու իրաւունքներու հարցով ՄԱԿ-ի գերագոյն յանձնակատար Նաւանեթհեմ Պիլայ Կազայի մէջ բախումներուն մասնակից բոլոր կողմերուն կոչ ուղղած է քաղաքայիններն ու զինուորական գործողութիւններու մասնակիցները իրարմէ յստակ կերպով տարբերելու:
«Քաղաքային անձերու, ներառեալ` երեխաներու կեանքի իրաւունքի յարգանքին պէտք է յատկացուի հիմնական ուշադրութիւն: Այդ սկզբունքները խախտելը կրնայ գնահատուիլ իբրեւ պատերազմական գործողութիւն եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն», յայտարարած է ան` նշելով, որ իսրայէլեան յարձակումին սկիզբէն ի վեր սպաննուածներուն 74 առ հարիւրը քաղաքայիններ են:

