Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին օժանդակելու ծրագիրները: Հանդիպումին ընթացքին Ֆլեչըր զօր. Քահուաժիի յանձնեց Լոնտոնի կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած խուզարկումի յատուկ զինուորական սարքեր:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Մուսուլի մէջ հալածանքի ենթարկուող քրիստոնեայ քաղաքացիներուն` շեշտելով, որ անոնց դէմ գործուող բոլոր արշաւները կրօնական եւ մարդկային չափանիշներով մերժելի են եւ իսլամ կրօնին դէմ յարձակում կը նկատուին:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի յայտնեց, որ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի անդամներուն հաւաքական հրաժարականներուն լուրը տեղեկատուական է` աւելցնելով, որ իրենք գրաւոր հրաժարականներ չեն ստացած:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտած է, որ աշխատավարձերու յաւելման թղթածրարի վաւերացման ուշացումը Լիբանանի տնտեսութեան վրայ ժխտական ազդեցութիւններ կ՛ունենայ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 300 լ. ոսկիով, 95 օքթան պենզինը` 200 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը` 400 լ. ոսկիով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ երկխօսութիւնը կը շարունակուի երկրորդ կարգի պատասխանատուներով: Ան աւելցուց, որ կարեւորը այն է, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն համոզուի, որ զինք կարելի չէ նախագահ ընտրել:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն թղթածրարին լուծման շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չկայ, իսկ պետական պաշտօնեաներու ամսական աշխատավարձերը օրինականացնելու առումով համաձայնութիւն մը գոյացած է:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը պատասխանատու է Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութեան:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ Մուսուլի մէջ քրիստոնեայ համայնքը թիրախ դարձնելու իրականութիւնը պէտք է դառնայ պատճառ մը, որ արագանայ նախագահական ընտրութիւնը:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Հասան Մասրի յայտնեց, որ երբ Պաղեստինն ու Երուսաղէմը կորսուին, ապա ամբողջ շրջանին ապահովութիւնը կը կորսուի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ ռազմավարական խորքին պատճառով է, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին Լիբանան յաղթական դուրս եկաւ Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմէն:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը Պաղեստինի վահանն է եւ ի յայտ եկած է, որպէսզի Պաղեստինը ազատագրէ զայն բռնագրաւող ուժերէն:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի կոչ ուղղեց Լիբանանեան համալսարանի նշանակումներուն համար նկատի ունենալու ատակութիւնը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ կառավարութեան այսօրուան նիստին ընթացքին սպաներու աստիճանի բարձրացման ծրագիր մը մշակուի:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն կոչ ուղղեց լիբանանեան բոլոր քաղաքական ուժերուն ահաբեկչութեան դիմադրելու յատուկ ծրագիրի մը շուրջ համաձայնելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր կոչ ուղղեց կասեցնելու Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները եւ վերջ տալու անոր շրջափակումին:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին ելեւմուտքի նախարարին կեցուածքներուն` աւելցնելով, որ ելեւմտական պետական գործառնութիւնները պէտք է օրինական ըլլան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները իրենց ճշդուած թուականին կատարելու կարելիութիւնը նախագահական ընտրութիւնը արագ կերպով կատարելու շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր մտավախութիւն յայտնեց, որ Իրաքի իրադարձութիւնները ըլլան Արեւելքի քրիստոնեաները բռնագաղթի ենթարկելու քայլ մը:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով սուրիական ընդդիմութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Քալամունի մէջ Հըզպալլայի որդեգրած ծրագիրները ձախող են:

