Միքաթի Դատապարտեց Քրիստոնեաներուն Դէմ Բանեցուող Բռնաճնշումները
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ցաւ յայտնեց Շուժայիայի սպանդին եւ Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմին առումով` աւելցնելով, որ իրեն համար նոյնքան ցաւալի էր հրկիզուած վիճակի մէջ տեսնել Մուսուլի եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաները բռնագաղթի ենթարկելը:
Միքաթի դատապարտեց քրիստոնեաներուն դէմ բանեցուող բռնաճնշումները` ընդգծելով, որ շրջանին մէջ քրիստոնեայ գոյութիւնը շրջանին գոյատեւման հիմքն է եւ աւելցնելով, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ քրիստոնեաներուն դէմ բռնարարքները իսլամական կրօնին հարուած կը հասցնեն:
Միքաթի կոչ ուղղեց լիբանանեան հոգեւոր ղեկավարութիւններուն միասնական դերակատարութիւն ունենալու եւ պահպանելու լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու բոլորին գոյութիւնը` առանց արտօնելու այս կամ այն կողմին կամ համայնքին ջնջումը:
CATEGORIES Լիբանանեան

