ԷՍՔՈՒԱ-ի Կեդրոնին Դիմաց. Զօրակցական Հաւաք Պաղեստինցի Ժողովուրդին

23-07UN_SinioraՄուսթաքպալ հոսանքին կազմակերպութեամբ երէկ ԷՍՔՈՒԱ-ի կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք մը` Պաղեստինի եւ պաղեստինցի ժողովուրդին նուիրուած:

Զօրակցական ցոյցին ընթացքին նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Կեդրոնական Պէյրութէն իրենք կ՛ողջունեն Կազան եւ դիմադրութիւնը` հաստատելով, որ պաղեստինցիներուն ցաւն ու վէրքերը նաեւ իրենց ցաւերն են ու վէրքերը:

«Այս անիրաւութիւնը կարելի չէ շարունակել, որովհետեւ դուք մեր բոլորին տեղ կը պայքարիք», ըսաւ Սինիորա:

Ան նշեց, որ ութ տարի առաջ այս օրերուն Լիբանան կը դիմագրաւէր նման կացութիւն մը, երբ Իսրայէլ յարձակում կը գործէր Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դէմ` քանդելով Լիբանանի դպրոցները, հիւանդանոցները ճամբաներն ու ենթակառոյցը:

«Օրին լիբանանցիները որոշեցին իրենց տարակարծութիւնները մէկդի դնել եւ միասնականութեամբ դիմադրել իսրայէլեան պատերազմին: Եւ այդպէս, 2006-ի յուլիսեան պատերազմին լիբանանցիք իսրայէլեան պատերազմն ու յարձակումները կրցան ձախողեցնել իրենց միասնականութեամբ եւ Դիմադրութեան պայքարով ու տոկալու կամքով», շեշտեց Սինիորա:

Ան շեշտեց, որ իրենք Կազային դասեր տալու նպատակով չէ որ հաւաքուած են Կեդրոնական Պէյրութի մէջ, այլ` զօրակցելու Կազայի եւ պաղեստինցիներուն:

Ան մաղթեց, որ Կազա կառչած մնայ իր գոյատեւման պայքարին, եւ միասնականութեամբ դիմադրէ իսրայէլեան բռնաճնշումներուն:

«Դուք ձեր դիմադրութեամբ կ՛արգիլէք Իսրայէլը իր նպատակները իրականացնելէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչին ճամբով բողոքի նամակ մը յանձնուած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի:

 

Share this Article
CATEGORIES