Չաւի Որոշեց Մնալ Պարսելոնայի Հետ

23-07xaviՍպանական Sport.es կայքը կը հաղորդէ, որ Պարսելոնայի խմբապետ Չաւի որոշեց չհեռանալ իր նախասիրած ակումբէն:

Ան կարճատեւ հանդիպում մը ունենալէ ետք ակումբի նախագահ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէուի եւ մարզիչ Լուիս Էնրիքէի հետ, համաձայնութեան եկաւ եւ ուզեց մնալ քաթալոնական ակումբին հետ:

34 տարեկան Չաւի շատ մօտ էր Նիւ Եորք Սիթի (Մէյճըր լիկ) տեղափոխուելու, սակայն այժմ, երբ պիտի մնայ իր կազմին հետ, այսօր իսկ իր խմբակիցներուն հետ պիտի սկսի իր փորձերուն` պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին:

Share this Article
CATEGORIES