Պեքընպաուըր. «Լահմ Պէտք Չէր Լքեր Միջազգային Ասպարէզը»

23-07lahmՊայէրն Միւնիխի պատուոյ նախագահ Ֆրանց Պեքընպաուըր իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ. «Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետ Ֆիլիփ Լահմի միջազգային ասպարէզը լքելը ամբողջութեամբ անակնկալ էր ինծի համար: Եթէ ուրիշներ այդ որոշումը տային, շատ հաւանաբար պատճառը կարենայի հասկնալ, բայց ոչ` Լահմի պարագային: Մեր խումբը անոր կարիքը ունի մեծապէս: Ան խումբին առաջնորդն էր: Լահմը փոխարինող մը գտնելը բաւական դժուար պիտի ըլլայ մեզի համար: 30 տարեկանին միջազգային ասպարէզը աւարտելուն մէջ ես յստակ պատճառ մը չկրցայ գտնել»:

Share this Article
CATEGORIES