Քրքիչ Պարսելոնայէն Փոխանցուեցաւ Սթոք Սիթի

23-07bojanՍպանացի միջազգային յառաջապահ Պոժան Քրքիչ իր ակումբը` Պարսելոնան լքելով միացաւ անգլիական Սթոք Սիթի ֆութպոլի ակումբին` չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ:

Այժմ 23 տարեկան Պոժան, որ մաս կը կազմէր Պարսելոնայի երիտասարդներու խումբին 104 մրցումի ընթացքին 26 կոլ նշանակելէ ետք 2011-ին միացաւ Ա. Էս. Ռոմային, որուն հետ սկսած էր իր արհեստավարժ ասպարէզը, երբ 17 տարեկան էր:

Նշենք, որ ան, կարճ ատեն մը Ա. Սէ. Միլանի փոխ տրուելէն ետք նախորդ տարեշրջանին դաշտ ներկայացաւ Պարսելոնայի հետ:

Share this Article
CATEGORIES