Հայաստանի Նախագահի Մրցանակին Համար «Լաւագոյն Մարզական Ընտանիք-2014»-ի Աւարտական Հանգրուանը Սկսաւ

23-07asryanArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Ծաղկաձորի մէջ սկսան Հայաստանի նախագահի մրցանակին համար «Լաւագոյն մարզական ընտանիք 2014»-ի աւարտական հանգրուանի մրցումները:

Զտումի մրցումներուն յաղթական ճանչցուած 144 ընտանիքները` Հայաստանի 10 մարզերէն, Երեւանէն եւ Արցախէն, պիտի պայքարին տարիքային 4 խումբերու մէջ:

Նշենք, որ այս մրցանքը կը կազմակերպուի 11-րդ անգամ ըլլալով: Անոր աւարտական հանգրուանին այս տարի առաջին անգամ ըլլալով հանդէս պիտի գան հաշմանդամ ունեցող 17 ընտանիքներ:

Այս տարի աւելցած է նաեւ օդաճնշիչ հրացանով հրացանաձգութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES