Հայկական Ֆութպոլ. Յովհաննէս Գոհարեան Վերադարձաւ Ֆութպոլի Դաշտերը
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային եւ երիտասարդական հաւաքականներու նախկին յառաջապահ Յովհաննէս Գոհարեան վերադարձաւ ֆութպոլի դաշտերը եւ միացաւ Ուլիս Երեւանի:
2012-էն ի վեր Գոհարեան հեռու մնալով ֆութպոլէն, Մոսկուայի մէջ կը զբաղէր առեւտուրով: Այժմ սակայն, միանալով երեւանեան խումբին, հետզհետէ սկսաւ իր անցեալի կազմուածքը ունենալ:
26 տարեկան Գոհարեան նախապէս մաս կազմած է Լոքոմոթիւ 2-ի, Պաթէի, Փիւնիկ Երեւանի եւ Իմփուլս Դիլիջանի:
Հայաստանի հաւաքականին հետ ան կատարած է 6 մրցում` նշանակելով մէկ կոլ:
CATEGORIES Մարզական

