ՀԱՅԿ ԴԵՄՈՅԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻՆ
Երէկ կէսօրին «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեց եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ տեսակցութիւն ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար Հայկ Դեմոյեան:
Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներուն, ծրագրումներու ընթացակարգին եւ գաղութներուն մէջ համապատասխան աշխատանքներ ծաւալելու եղանակներուն վրայ:
CATEGORIES Գաղութային