ՏԻՄԱՆԻ ՄԷՋ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԺԱՀԺԱՀՆ ՈՒ ՔԷՅՐՈՒԶԸ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Սթրիտա Ժահժահը եւ Էլի Քէյրուզը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ Տիմանի պատրիարքական ամարանոցի լրագրողներու պատուիրակութեան հետ:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին իրաւունքին` աւելցնելով, որ իրենց համար անընդունելի է քաղաքականացած կամ կեղծուած դատարանի մը գոյութիւնը:
«Սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ եթէ այդ դատարանին հետ հարց ունինք, ապա ան քաղաքականացած կ՛ըլլայ: Պէտք է անպայման փաստ մը եւ շօշափելի ապացոյց մը ներկայացնել այդ ատեանին քաղաքականացած ըլլալուն առնչութեամբ, այլապէս` Միջազգային դատական ատեանն է միակ կողմը, որ արդարութիւնը պիտի բանեցնէ», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ, որ Միջազգային դատական ատեանին տուած որոշումները պէտք է ընդունիլ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ փաստել անոր քաղաքականացած ըլլալու իրականութիւնը:

