ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՊՊՈՒՏԻ ԿԵՐՊԸՆԿԱԼԻ ԳՈՐԾԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԲՌՆԿԱԾ ՀՐԴԵՀԻՆ ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ ԿԸ ՄՆԱՆ ԱՆՈՐՈՇ
Նախանցեալ երեկոյեան զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտի պատկանող կերպընկալի գործարանին մէջ բռնկած հրդեհը քանդեց ամբողջ գործարանը, եւ այդ հրդեհի բռնկումին պատճառները ցարդ կը մնան անորոշ:
Նախարար Ապպուտ յայտնեց, որ ինք միայն երկու անգամ այցելած է Մազրաաթ Եաշուհի մէջ գտնուող իր գործարանը` անցնող տարուան ընթացքին:
Ապպուտ նշեց, որ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը բաւական ուշ ժամանած են դէպքին վայրը եւ հրդեհը հակակշիռի տակ առնելու առաքելութիւնը շատ դժուար եղած է:
Իր կարգին, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ այցելեց Ապպուտի «Ճի. Փի. Այ.» կոչուող կերպընկալի գործարանը եւ հրդեհին առնչութեամբ ցաւ յայտնեց Ապպուտի:
Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ ճարտարարուեստի յատուկ գործարաններ ընդգրկող շրջաններուն մէջ պէտք է հրշէջներու կեդրոններուն թիւը աւելցնել, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն օգտագործած յատուկ ինքնաշարժներուն թիւը աւելցնել:
Վ. Սապունճեան փառք տուաւ Աստուծոյ մարդկային վնասներ չարձանագրուելուն համար, սակայն շեշտեց, որ ոեւէ գործատէր հարուածած փոքր թէ հսկայ վնաս ուղղակի վնաս կը նկատուի ազգային տնտեսութեան եւ երկրին արդիւնաբերութեան: