ՇԱՐՊԵԼ ՈՒԻԼԻԸՄԶԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ուիլիըմզ եւ նախարար Շարպել

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Ուիլիըմզ յայտնեց, որ Շարպելի հետ իր հանդիպումը եղած է շատ լաւ` աւելցնելով, որ այդ մէկը իր առաջին հանդիպումն է Շարպելի հետ, որուն փոխանցած է իր շնորհաւորութիւնները:

Մեկնումի պահուն Ուիլիըմզ յայտնեց, որ ինք շեշտած է, թէ նորակազմ կառավարութեան համար Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութեան պահպանումը շատ կարեւոր է, որպէսզի ան կարենայ լուծել ընկերային եւ տնտեսական իր հարցերը:

«Այս առումով, նախարար Շարպելը տեղեակ պահեցի այն իմաստով, որ Լիբանանի կայունութիւնը կարեւոր է նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի միջազգային յանձնառութիւնները կատարելու առնչութեամբ», ըսաւ Ուիլիըմզ:

Անդրադառնալով Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ գործելու լոյսին տակ Լիբանանի ծովային սահմաններուն ճշդումին` Ուիլիըմզ յայտնեց, որ այդ մասին մանրամասն քննարկում չէ կատարած Շարպելի հետ, «սակայն կը մաղթեմ, որ լիբանանցիները կարենան օգտագործել իրենց քարիւղի հարստութիւնը եւ երկրին ու քաղաքացիներուն կացութիւնը բարելաւել», աւելցուց ան:

Ղաժար գիւղաքաղաքէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ուիլիըմզ յայտնեց, որ Շարպելի եւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի հետ այդ մասին քննարկումներ կատարած է` նկատել տալով, որ վաղը Նաքուրայի մէջ եռակողմանի հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ այդ իմաստով:

Միւս կողմէ, Շարպել հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլինթի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ Լիբանանի քաղաքական իրավիճակը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկու երկիրներու ներքին գործոց նախարարութեանց միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:

Ներքին գործոց նախարարը ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչ, դեսպան Ապտալլա Ապտալլան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ ապրող պաղեստինցի գաղթականներուն վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան արդար դատի լուծման առումով Լիբանանի ունեցած դերակատարութիւնը, որ արժանացաւ Ապտալլայի դրուատանքին:

Նախարարութեան այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Փանոս Քալոկերոփուլոսը:

Շարպելի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Եաագուպ Սարրաֆը, որ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց նախարարին:

 

Share this Article
CATEGORIES