Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կարեւորութիւն մի՛ տաք այնպիսի անձերու, որոնք կը փորձեն օգտուիլ ձեր կարողութիւններէն` պարզապէս ձեզ շահագործելու համար: Մնացէք ձեր ասպարէզին տէրը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրուան ընթացքին պիտի ունենաք առեւտրական գործառնութիւն մը, որ պիտի պսակուի յաջողութեամբ: Ձեր ծրագիրներուն մասին մի՛ արտայայտուիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նորութիւն մը պիտի ունենաք ձեր ասպարէզին մէջ, որ ձեզի պիտի շնորհէ նոր վարկ եւ առիթ` զարգացնելու ձեր գիտութիւնը նոր փորձառութեամբ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Խոնարհ մնացէք. որքան որ կրնաք օգնեցէք ձեզի դիմող կարիքաւորին, ոչ թէ նիւթական իմաստով, այլ` բարոյական եւ ուսուցողական վերաբերումով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մի՛ վարանիք տալու նոր որոշում մը, որ կը վերաբերի ձեր նիւթական եւ տնտեսական բարօրութեան: Մի՛ հետաքրքրուիք ուրիշներու ըրածով, եղէք ինքնուրոյն մտածելակերպով անձը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր գնելիք ապրանքը եթէ քիչ մը սուղ ըլլայ, մի՛ մտահոգուիք: Ինչ որ սուղ է գիտցէք, որ լաւագոյնն է: Օրը ունի տարբեր երեւոյթներ` գոհանալու համար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Յուսահատիլը տկար անձերու կը վայելէ, դուք, որ զօրաւոր անհատականութիւն ունիք, օրուան մը ձախողութեամբ մի՛ չափէք ձեր կեանքը, մի՛ խանգարէք ապագայի յոյսը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ գարնան լաւ աշխատած էք, աշնանային հունձքը հարուստ կ՛ըլլայ: Եթէ ակամայ թուլութիւն մը ունեցած էք, անմիջապէս մտածեցէք վերականգնելու մասին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Որքան որ կրնաք, առատ ջուր խմեցէք ամառնային եղանակին: Ուժ մի՛ տաք քաղցր օշարակներու, որոնք առաւել կը ծարաւցնեն: Ջուրը աստուածային ըկմպելին է, օգտուեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հոգեմտաւոր կեանքը կրնայ ձեզ մխիթարել, եթէ ունիք մտահոգիչ հարցեր: Ամէն դժուարութիւն կարելի է հարթել ապաւինելով նախախնամութեան բարիքին:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի ունենաք հաճելի երեկոյ մը` բարձրաստիճան շրջանակի մը մէջ, ուր պիտի հաստատուի ձեր տաղանդը, ձեր իւրայատուկ շնորհները: Պիտի վարձատրուիք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մանկավարժութիւնը գերագոյն զբաղումն է, որ մարդը կը կերտէ: Այսօր ձեզի յանձնուած երեխաները, ձեր զաւակը ըլլայ թէ ուրիշին, պիտի դաստիարակէք ամենայն սիրով եւ հոգատարութեամբ:

