50 Տարի Առաջ (25 Յուլիս 1964)
Հիմնական Նպատակ
Հայ դատը վերստին դարձած է մեր մամուլին գլխաւոր նիւթը: Մեկնաբանութիւններու, խորհրդածութիւններու եւ մտածումներու առանցքը: Որքան կը մօտենայ Մեծ եղեռնի յիսնամեակը, այնքան աւելի շեշտուած կերպով կ՛ընդգծուի մեր ազգային ու քաղաքական իրաւունքները միջազգային հանրային կարծիքին սեփականութիւնը դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:
Թէ ի՛նչ ձեւով պիտի արծարծուի, որո՞նց կողմէ եւ ո՞ւր, տակաւին յստակ առաջադրութիւններ չկան, բայց կասկածէ վեր է, որ իւրաքանչիւրի մտահոգութեան առարկան Հայ դատի լաւագոյն ձեւաւորումն է, ներկայ պարագաներու ներած չափով` առաւելագոյնը ապահովելու հեռանկարով:
Տասնամեակներէ ի վեր մեզի համար յստակ ու որոշ է Հայ դատին հիմնական նպատակը` լուծման ձեւերուն հանդէպ հասկնալի վերապահութիւններով: Ինչ որ կը պահանջէինք Բ. Աշխարհամարտի վաղորդայնին, երբ պաշտօնական յայտարարութիւններ կը լսուէին մեր կապակցութեամբ, իր ամբողջութեան մէջ մնացած է նոյնը` հակառակ վերջին քսանամեակի ընթացքին պատահած քաղաքական բազմաթիւ վերիվայումներու եւ իրադարձութեանց:
Մեր հաստատ մեկնակէտը այն իրողութիւնն է, որ այսօր, ինչպէս երէկ, Հայ դատը գոյութեան իր իրաւունքը խլած է այն միջազգային դաշնագրով, որ Սեւրի մէջ ստորագրուեցաւ 1920-ին` նոյն ատեն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընին վստահելով Հայաստանի սահմաններուն ճշդումը:
Մինչեւ Սեւր, մեր Դատը տակաւին չէր գտած իր իրաւական հիմունքները: Մեր պայքարը այդ հիմունքներուն ստեղծման համար մղուած էր:
Սեւրէն ետք, հակառակ բազմաթիւ դժբախտութիւններու եւ յուսախաբութիւններու, այդ պայքարը շահուած կը նկատուի, միջազգային ճանաչումովը դատի մը, որուն անդրդուելի պահանջատէրն է հայութիւնը` ի սփիւռս աշխարհի, Հայաստանի մէջ, թէ Հայաստանէն դուրս:
Սեւրը կը հանդիսանայ բախտորոշ անկիւնադարձ մը հայոց պատմութեան նորագոյն ժամանակաշրջանին համար, եւ իբրեւ այդպիսին, իբրեւ արիւնագիր մուրհակ` իրաւունք կու տայ բովանդակ հայութեան մեր արդար իրաւունքներու զանգահարը ըլլալու միջազգային քաղաքական աշխարհին մէջ:
Այդ դաշնագրին հիմնական գիծը հայկական հողերու ամբողջացումն է միացեալ եւ անկախ Հայաստանի մը սահմաններուն մէջ, իրաւականօրէն ճանչցուած բոլոր այն պետութեանց կողմէ, որոնք շահագրգռուած են Առաջաւոր Ասիոյ բարձրավանդակին քաղաքական դիրքորոշումով:
Յիսնամեակի առթիւ, Հայկական հարցը գլխաւորաբար պիտի արծարծուի թրքական տիրապետութեան ներքեւ գտնուող պատմական հողերու իրենց իրաւական տիրոջ վերադարձուելու գծով: Անշուշտ այդպիսով վերջնականապէս լուծուած պիտի չըլլայ Հայ դատը, բայց անպայմանօրէն շահուած պիտի ըլլայ առաջին ճակատամարտը, որուն ապահովաբար պիտի հետեւին միւսները:
Հայ դատը հրակէզ երկաթ մըն է, որ կ՛այրէ իւրաքանչիւր հայու սիրտը: Մեր քաղաքական մտածողութեան հորիզոնին վրայ, ապագայ հեռանկարներու գծով, այդ Դատին ամբողջական լուծումը հիմնական նպատակ ըլլալով հանդերձ, պէտք է ընտրել աստիճանական գործելակերպը, պէտք է բաւական ճկուն ըլլալ` հաւատարիմ մնալով հանդերձ ամբողջականութեան գաղափարին:
Դատի արծարծման ձեւերուն շուրջ տակաւին կարելի է մտածել: Կարեւորը այն է սակայն, որ հայութիւնը, ինչպէս իր սրտին մէջ, նաեւ գործնապէս, միասնական ճակատով դուրս գայ պահանջատէրի իր դերին մէջ: Ամէն կողմէ ձայն մը` ապահովաբար պիտի վնասէ մեր Դատին եւ ուշացնէ արդար Դատին հատուցման ժամը:
Մինչդեռ յստակ ու որոշ պահանջներու շուրջ միահամուռ կեցուածք մը, անպայման որ առաւելագոյն չափով պիտի արժեւորուի:
Համաշխարհային ներկայ իրադարձութեանց մէջ Հայ դատը, պատմականօրէն ամէնէն հինը, մոռացութեան փոշիներէն դուրս բերելը առաջնահերթ պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդի ղեկավարութեան` յառաջիկայ տարուան ընթացքին:

