Արուեստի Աշխարհէն. Ներշնչումներ Եւ Խորհուրդներ` Էտկար Տըկայէն
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ԱՆԱՊԵԱՆ
ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԿՈՒՌՔԵՐԷՆ ԷՏԿԱՐ ՏԸԿԱ ԿԸ ԽՈՐՇԷՐ ՀԱՄԲԱՒԷՆ ԵՒ Կ՛ԱՏԷՐ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՔՆՆԱԴԱՏՆԵՐԸ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՆՇԷ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉԻՆ ԾՆՆԴԵԱՆ 180-ԱՄԵԱԿԸ` ՄԷՋԲԵՐՈՒՄՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼՈՎ ԱՆՈՐ ՓԱՅԼՈՒՆ ԵՒ ԴԱՐՁԴԱՐՁԻԿ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐԷՆ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՄԱԿԱՆՑԵՆ ԳԵՂԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ ԵՒ ԻԲՐԵՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ` ԿԸ ՃԱՌԱԳԱՅԹԵՆ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ՈՐԵՒԷ ԲՆԱԳԱՒԱՌԻ ՄԷՋ:
Հիլեր-Ժերմեն-Էտկար-Տը Կա անունով մարդ մը ծնաւ 180 տարի առաջ, յուլիս 19-ին, Փարիզի մէջ: Ան աւելի ծանօթ է իբրեւ Էտկար Տըկա, ինչպէս նաեւ` պալէի տեսարաններ պատկերող իր երազային գեղանկարներով:
Պալէն արուեստի ձեւ մըն է, որ առանձնաշնորհեալ տեղ կու տայ կատարելութեան եւ բիւրեղութեան: Սակայն Տըկա իր ներշնչումը ստացած է պալէի կատարեալ թռիչքներուն միջեւ յայտնուած ապիկար շարժումներէն, ինչպէս` կորաքամակ թիկունք մը, մաշած մաշիկ մը, նուաղած դիրք մը, անբնական ձգտում մը: Տըկա տգեղութեան գեղեցկութեան նկատմամբ իր հիացումը տարածած է նաեւ պալէի փորձի սրահներէն անդին` հրեշատիպ կերպարանքով պատկերելով գիշերային զբօսավայրերու երգիչներն ու կրկէսի աճպարարները:
Թէեւ յետադարձ ակնարկով Տըկա յաճախ բնութագրուած է իբրեւ տպաւորապաշտ գեղանկարիչ, սակայն ան ինքզինք նկատած է իրապաշտ մը, որ կը ձգտի պատկերել իրականութիւնը` պարզ աչքով դիտուած երեւոյթներէն անդին:
1. Քիչ Մը Խորհրդաւորութիւն Պահելու Մասին
«Գեղանկար մը կարիքը ունի քիչ մը խորհրդաւորութեան, պղտորութեան եւ երազային երեւակայութեան: Երբ միշտ ըսելիքդ կատարելապէս յստակ կը դարձնես, կը ձանձրացնես մարդիկը»:
2. Ինքզինքին Մարտահրաւէր Ուղղելու Մասին
«Պէտք է բարձրին ձգտիլ, ո՛չ թէ ապագայ թուականի մը բան մը իրագործելու ձգտումով, այլ` այսօր իրագործելու նպատակով: Այլապէս աշխատիլը պարզապէս ժամանակի կորսուստ է»:
3. Յաջողութեան Աննախատեսելի Բնոյթին Մասին
«Կայ յաջողութեան տեսակ մը, զոր կարելի չէ զանազանել խուճապէն»:
4. Արուեստի Քննադատներու Ճշմարտախօսութեան Մասին
«Արուեստի քննադա՛տ: Ինչպիսի՛ ասպարէզ: Այսպէս կը մտածեմ, երբ կ՛անդրադառնամ, թէ մենք` գեղանկարիչներս որքա՛ն յիմար ենք, որ կը հայցենք այս անձերուն դրուատական խօսքերը: Ի՜նչ ամօթ: Ինչպէ՞ս կարելի է նոյնիսկ ընդունիլ, որ անոնք խօսին մեր գործերուն մասին»
5. Աչքերը Լայն Բանալու Կարեւորութեան Մասին
«Ստեղծուած ենք զիրար դիտելու համար. այդպէս չէ՞»:
6. Ընդոստ Ստեղծագործելու Առասպելին Մասին
«Կը վստահեցնեմ ձեզ, թէ ոչ մէկ արուեստ նուազ ընդոստ ստեղծագործութեան ծնունդ է, որքան` իմ արուեստս: Ինչ որ կ՛ընեմ, մեծ վարպետներու ուսումնասիրութեան արդիւնքն է եւ արտացոլացումը. ներշնչումի, ընդոստ ստեղծագործելու, տրամադրութեան արդիւնքը: Այո՛, տրամադրութեան: Ես ոչինչ գիտեմ»:
7. Առանձնութեան Անհրաժեշտութեան Մասին
«Ինծի այսօր կը թուի, որ եթէ արուեստագէտը կը փափաքի լուրջ ըլլալ, այսինքն` որոշ իւրայատուկ նկարագիր մը կերտել կամ գէթ պահպանել իր անհատականութեան անմեղութիւնը, անգամ մը եւս պէտք է ինքզինք մխրճէ առանձնութեան մէջ: Շատախօսութիւնը եւ բամբասանքը շատ են: Յայտնապէս գեղանկարներ կը յայտնուին սակարանային շուկայի գիներուն պէս, այսինքն` մրցակցութեամբ, որովհետեւ մարդիկ անհամբեր են շահ ապահովելու: Կը թուի, թէ որեւէ բան իրագործելու համար կարիքը ունինք մեզ շրջապատող անձերուն հետաքրքրական գաղափարներուն եւ սրամտութեան, այնպէս` ինչպէս գործատէրեր կարիքը ունին այլոց դրամագլուխին` շուկաներու մէջ յաջողութիւն արձանագրելու համար: Այս ամբողջ եռուզեռը կը սրէ մեր ուղեղը եւ կը խաթարէ մեր դատողութիւնը»:
8. Գիտութեան Տարրական Գաղափարին Մասին
«Ի՜նչ հետաքրքրական է մասնագէտներու զրոյցը: Մարդ բացարձակ բան չի հասկնար: Ի՜նչ կախարդական է»:
9. Երիտասարդական Ոգին Պահելու Մասին
«Ամէն ոք տաղանդաւոր է քսանհինգ տարեկանին: Դժուարութիւնը յիսուն տարեկանին տաղանդ ունենալն է»:
10. Երեւակայութեան Ձգողական Ուժին Մասին
«Շատ լաւ է ընդօրինակել մեր տեսածը: Սակայն աւելի լաւ է գծել այն, ինչ որ չենք տեսներ այլեւս, սակայն արձանագրուած է մեր յիշողութեան մէջ: Տեղի կ՛ունենայ կերպարանափոխութիւն մը, ուր երեւակայութիւնը եւ յիշողութիւնը միասին կը գործեն: Կը վերարտադրես միայն այն, որ տպաւորած է քեզ, այսինքն` այն, ինչ որ անհրաժեշտ է»:
11. Հռչակի Երկդիմի Հմայքին Մասին
«Պիտի փափաքէի հռչակաւոր ըլլալ եւ անծանօթ»:
12. Արուեստի Անբաղդատելի Ուժին Մասին
«Մանէի տանձ մը պատկերող մէկ անշարժ կեանքը կը կախեմ պատէն` Անկրէի Ճուպիթըրին կողքին, որովհետեւ նման տանձ մը գահընկէց պիտի ընէր որեւէ աստուած»:

