«Խ. Պապիկեան Աշակերտական Մրցանքներու Եւ «Արեւմտահայերէնի Խտացեալ Դասընթացք»-ին Առիթով`. «Դո՛ւք Էք Հայ Լեզուի Եւ Մշակոյթի Արթուն Պահակներն Ու Զինուորները», Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

10513259_765510793470645_2152153491939308984_n6 յուլիս 2014-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վեհարանի ընդարձակ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան» միջդպրոցական մրցանքներու տուչութեան ու «Արեւմտահայերէնի եւ հայ մշակոյթի երկամեայ խտացեալ դասընթացք»-ին հետեւած ուսանողներու վկայագիրներու բաշխման միացեալ հանդիսութիւն:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութիւնը վայելող սոյն հանդիսութեան բացումը կատարելով` կաթողիկոսարանի Կրթական եւ հայագիտական բաժանմունքի վարիչ-տնօրէն Սարգիս Կիրակոսեան դիտել տուաւ, որ այս նախաձեռնութիւնները կը միտին արեւմտահայերէնի եւ հայ մշակոյթի ներկային ու ապագային սպառնացող մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելու:

10530770_765510766803981_2113440242600308948_nԱն ըսաւ, որ այս տարի «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին գրեթէ մեր բոլոր կրթական օճախները` 4 միջնակարգ եւ 11 միջնակարգ ու երկրորդական բաժիններ ունեցող վարժարաններ, այսինքն` 15 դպրոց` 99 աշակերտներով, որոնցմէ մրցանակներու եւ յիշատակութեան նուէրներու տիրացան 41 մասնակիցներ: Ան դիտել տուաւ, որ բաղդատած նախորդ տարիներուն` արդիւնքները մագլցողական զարգացում արձանագրած են եւ անակնկալի մատնած կազմակերպիչներն ու դատական կազմերու անդամները: Այս իսկ պատճառով, ընդառաջելով հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ կրօնագիտական նիւթերու դատակազմի առաջարկին, Արամ Ա. կաթողիկոս երկրորդական բաժինի հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ կրօնագիտական նիւթերու մրցանակակիր աշակերտներուն թիւը այս տարի բացառաբար վեցի բարձրացուց` փոխան երեքի: Աւելի՛ն. նիւթական պարգեւներու առաջնութիւնը խլած աշակերտը դատական կազմի չորս անդամներուն կողմէ գնահատուած է 100/100-ի վրայ ամբողջական նիշով, բացառիկ երեւոյթ մը, որ արժանացաւ ներկաներուն ջերմ ծափողջոյններուն:

Եզրակացնելով` Ս. Կիրակոսեան նշեց. «Խաչիկ Պապիկեանի յիշատակը յաւերժացնող մրցանքները կը գտնուին ո՛չ միայն իրենց ճիշդ ուղիին վրայ, այլեւ տարուէ տարի աւելի մեծ գոհունակութիւն կ՛առթեն բոլորիս անխտիր»: Ապա քանի մը տողերով ներկայացուց ակադեմական նախաձեռնութեան նկարագիր ստացած «Արեւմտահայերէնի եւ հայ մշակոյթի երկամեայ խտացեալ ծրագիր»-ը` իբրեւ իր տեսակին մէջ եզակի իրագործում:

Այնուհետեւ, Արամ Ա. կաթողիկոս պարգեւատրեց «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքներուն արժանացած 41 բախտաւոր աշակերտները: «Արեւմտահայերէնի եւ հայ մշակոյթի երկամեայ խտացեալ դասընթացք»-ի մասնակիցներուն անունով իր սրտի խօսքը փոխանցեց Սիլվա Պեքարեան-Գարաօղլանեան: Արեւմտահայերէնի եւ հայ մշակոյթի գոյութեան ու զարգացման սպառնացող մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելու իրենց վճռակամութիւնը շեշտելէ ետք, ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց այս օգտաշատ ծրագիրին գաղափարը յղացած Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ` «ո՛չ միայն մօտէն հետեւեցաւ ծրագիրը յաջողութեամբ պսակելու ուսուցչակազմին ճիգերուն, այլեւ իր հայրական ցուցմունքներով եւ օրհնութեամբ եղաւ առաջին եւ վերջին նպատակասլաց նաւապետը անոր»: Նոյնպէս, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն եւ ուսուցիչներուն 14 շրջանաւարտները վկայագիրներով պարգեւատրելէ ետք Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, թէ այդ պահը պատգամաբեր է, որովհետեւ առիթ է հաստատելու, որ կան արեւմտահայերէնի նահանջին դէմ իբրեւ պատնէշ կանգնողներ, նաեւ` երիտասարդներ, որոնք  պիտի չընկրկին, այլ մեր լեզուն պիտի պաշտպանեն, պիտի մաքրեն օտար ազդեցութիւններէ եւ արեւմտահայերէնը, անոր անսպառ գանձերը, գեղեցկութիւններն ու ճշգրիտ գործածութիւնը պիտի տարածեն հայ ընտանիքներէն, մեր դպրոցներէն ու մեր կեանքէն ներս. ահա պատգամը` այս գեղեցիկ երեւոյթին»:

Ապա վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով ծանրացաւ հայ դպրոցին եւ հայ ուսուցիչներուն անփոխարինելի արժէքին ու դերակատարութեան վրայ` զանոնք մկրտելով մեսրոպաւանդ հոգեմտաւոր գանձերու անխաթար պահպանման ու զարգացման համար ոգի ու բռին պայքարող հայ լեզուի եւ մշակոյթի արթուն պահակներ եւ բառին ազնուագոյն առումով` գաղափարապաշտ անկեղծ զինուորներ:

«Դուք էք տէրն ու պահակը հայ լեզուին եւ մեր նորահաս սերունդներու հոգեմտաւոր դաստիարակութեան, ներկային ու ապագային համեստագոյն, բայց` արժանաւոր  դարբինները: Անգնահատելի են հայ ուսուցիչին նուիրական առաքելութեան ի խնդիր ցուցաբերած ձեր ծով համբերութիւնը, ծառայական ոգին եւ հայ կրթական մշակի բծախնդիր լրջութիւնը: Մենք հպարտ ենք ձեզմով, ձեր աշխատանքով եւ ձեր համազգային ուխտով», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոսը` խօսքը ուղղելով «Արեւմտահայերէնի եւ հայ մշակոյթի երկամեայ խտացեալ ծրագիր»-ը աւարտածներուն:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի  երգեցողութեամբ:

Ստորեւ կու տանք «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանակակիր աշակերտ-աշակերտուհիներուն անուանացանկը:

Ա. «Հայ Լեզու Եւ Գրականութիւն».

Միջնակարգ. յիշատակութեան արժանի. 5-րդ`

Նարինէ Մարգարեան    (Անարատ յղութեան հայ քոյրերու Սրբուհի Ագնէս վարժարան), 4-րդ` Շանթալ Ատաճեան (Ազգ. Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարան), 3-րդ`

Մանէ Պասմաճեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան), 2-րդ`

Պետրոս Տէր Կարապետեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք), առաջին`

Սարել Չափարեան (Ազգ. Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարան):

Մրցանակակիրներ. 3-րդ` Վահագն Չըլտրեան (ՀԲԸՄ-ի Դարուհի – Յովակիմեան երկրորդական վարժարան), 2-րդ` Ռիթա Սարգիսեան (Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան վարժարան), առաջին` Նարօտ Սէրուժեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան)

Երկրորդական. յիշատակութեան արժանի. 3-րդ`

Շաղիկ Թերզեան  (Ազգ. Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարան), 2-րդ` Յարութ Կիւլիւզեան(ՀԲԸՄ-ի Դարուհի – Յովակիմեան երկրորդական վարժարան), առաջին` Բալիկ Պալապանեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ):

Մրցանակակիրներ` 3-րդ Պետրոս սրկ. Մանճիկեան    (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք), 2-րդ` Կարօ սրկ. Նաճարեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք), առաջին` Սիմա Ճապրայեան   (Ազգ. Յառաջ – Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարան):

Բ. «Հայոց Պատմութիւն, Հայ Մշակոյթ
Եւ Կրօնագիտական Նիւթեր»

Միջնակարգ. յիշատակութեան արժանի. 3-րդ` Գէորգ Եագուպեան (Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ), 2-րդ` Եսայի Մանուկեան      (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք), առաջին` Գրիգոր Արապաթլեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք):

Մրցանակակիրներ` 3-րդ Մհեր Փելթեքեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան), 2-րդ`  Հայկ-Աւօ Աւետիս (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան), առաջին` Ռիթա Մելեքեան (Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարան)

Երկրորդական. յիշատակութեան արժանի. 4-րդ`

Սարգիս կ. սարկ. Աճեմեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք) 3-րդ`

Մանուշակ Քեչեճեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), 2-րդ` Վանայ Ճենանեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան), առաջին` Դալար Տեմիրճեան (Ազգ. Յառաջ – Գալուստ Կիւլպէնկեան Երկրորդական վարժարան)

Մրցանակակիրներ. 6-րդ` Մհեր Գափլանեան (Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ), 5-րդ` Արաքս Խօշեան   (Ազգ. Յառաջ – Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարան), 4-րդ Քարին Սիմոնեան (ՀԲԸՄ-ի Դարուհի – Յովակիմեան երկրորդական վարժարան),  3-րդ` Յարութիւն սրկ. Բանճարճեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք), 2-րդ` Սարին Մանուկեան (Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ, առաջին`  Ռիթա Ֆերմանեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան):

Գ. «Մենակատարութիւն»

Միջնակարգ. յիշատակութեան արժանի. 3-րդ`

Արամ Ադամեան        (Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան), 2-րդ`

Վիքի Փանոսեան  (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), առաջին` Յակոբ Թաշճեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան):

Մրցանակակիր. 3-րդ` Դրօ Միրզայեան (Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ), 2-րդ` Սէրուժ Յովսէփեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան), առաջին Անժելինա Սարգիսեան (Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ):

Երկրորդական. յիշատակութեան արժանի. երկրորդ` Արինա Թեփիրճեան (Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան), առաջին` Լեթիսիա Գարտաշեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան)

Մրցանակակիրներ. 3-րդ Շահէն Արապօղլեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), երկրորդ`

Գուրգէն Փափազեան    (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան), առաջին

Սիմոն Տէրտէրեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ)

«Արեւմտահայերէնի եւ հայ մշակոյթի երկամեայ խտացեալ դասընթացք»-ի շրջանաւարտներ`

Արփի Աբրահամեան, Սեդա Աւագեան-Մածունեան

Նայիրի Էդոյեան, Մակի Կրպոյեան, Իրմա Ճերեճեան, Փաթիլ Մկրտիչեան, Սիւզի Նաշալեան, Զանի Շահինեան-Մեսրոպեան, Մարօ Պագալեան,  Մարալ Պաղչեճեան-Ղարիպեան, Սիլվա Պեքարեան-Գարաօղլանեան, Հերա Սարգիսեան,  Սեդա Քելեքեան, Պօղոս Յ. Քիւրտեան:

Share this Article
CATEGORIES